ԴԱՒԱՃԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԵՂԱԴՐԱՆՔ
Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ իրականացուած համալիր հետախուզական միջոցառումներու շրջագծով ձերբակալուեցաւ Արմաւիրի մարզի բնակիչ Գարիկ Խաչիկի Մարուքեան (1977)։ Վերոյիշեալ միջոցառումներուն ընթացքին ապահովուած տուեալներու լոյսին տակ 4 Դեկտեմբեր 2015 թուականին ձերբակալուած է երկրի քաղաքացիներէն Գարիկ Մարուքեան, որ եղած է պահեստազօրի գնդապետ։
Ռուսաստանի ուժանիւթի բնագաւառի հսկաներէն «Կազփրոմ» ընկերութիւնը ներկայիս Իրանի հետ աշխատանք կը տանի Հայաստան կազ մատակարարելու փոխանակման գործողութիւններու հարցին շուրջ։ Ծանօթ է, որ «Կազփրոմ» Ռուսաստանի բնական կազի պետական ընկերութիւնն է եւ անոր ղեկավարը՝ Ալեքսէյ Միլլէր Լիւքսեմպուրկի մէջ հանդիպում մը ունեցած է Վրաստանի փոխ-վարչապետ, ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Քախա Քալածէի հետ։
Արտաքին գործոց նախարար Չավուշօղլու հարցազրոյց մը տուաւ ռուսական ԹԱՍՍ գործակալութեան:
Հայաստանի եւ Եւրոպական միութեան միջեւ իրաւական շրջանակային նոր համաձայնագրի մը շուրջ բանակցութիւնները երէկ սկսան Պրիւքսէլի մէջ։ Սոյն բանակցութիւններու պաշտօնական մեկնարկը ազդարարեցին՝ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան եւ Եւրոմիութեան միասնական արտաքին քաղաքականութեան ու պաշտպանութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար, Եւրոյանձնաժողովի փոխ-նախագահ Ֆետերիքա Մոկերինի։ Եւրոմիութեան կեդրոնատեղիէն ներս այս առթիւ տեղի ունեցաւ պաշտօնական արարողութիւն մը, որու ընթացքին բանակցութիւններու սկիզբը ազդարարուեցաւ հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ։
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն յորդորեց ոչնչացնել աշխարհի բոլոր միջուկային զէնքերը։ Երէկ, ան այսպիսի կոչով մը հանդէս եկաւ՝ Սէուլի մէջ կազմակերպուած խորհրդաժողովի մը առթիւ։