ԿԱՐԷՆ ԱՆԴՐԷԱՍԵԱՆ ՀՐԱԺԱՐԱԾ
Հայաստանի մարդու իրաւանց պաշտպան Կարէն Անդրէասեան երէկ հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ Ան այս առթիւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր գործընկերներու համատեղ աշխատանքին համար ու միեւնոյն ժամանակ յոյս յայտնեց, թէ մարդու իրաւանց պաշտպանութիւնը պիտի շարունակէ մնալ Հայաստանի պետութեան եւ հասարակութեան առաջնահերթութիւնը։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ստորագրեց շարք մը հրամանագրեր, որոնց հիման վրայ փոփոխութեան ենթարկուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մօտ երկրին դեսպանը։ Այսպէս, Ուաշինկթընի մօտ Հայաստանի դեսպան նշանակուեցաւ Գրիգոր Յովհաննիսեան, որ յառաջիկայ շրջանին պիտի ձեռնարկէ պաշտօնի։
«Արաս» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայեց ֆրանսահայ մտաւորականի գրքի թրքերէն թարգմանութիւնը:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի համանախագահ դեսպան Ճէյմս Ուորլիք մեկնած է Լոնտոն՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցին շուրջ խորհրդակցութիւններու մասնակցելու նպատակով։ Ան Անգլիոյ Արտաքին եւ համագործակցութեան նախարարութեան մօտ խորհրդակցութիւններ կ՚ունենայ հիմնախնդրի կարգաւորման հեռանը-կարներուն առընչութեամբ։
Պալըքլըի յունաց հիւանդանոցի պարագային բացուած դատին արդիւնքը կրնայ առընչուիլ Թուրքիոյ ամբողջ փոքրամասնութիւններու հաստատութիւներուն:
Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ եւ ընդդիմադիր «Հայ ազգային գոնկրէս»ի առաջնորդ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան բուժման նպատակով կը մեկնի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։