ՈՐԱԿԱՒՈՐՄԱՆ ԽԱՂԵՐ
2016 թուականին Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը պիտի սկսի հանդիպումներ ունենալ՝ 2018 թուականին կայանալիք Ֆութպոլի համաշխարհային ախոյենութեան որակաւորման փուլին շրջագծով։ Եւրոպայի գօտիի E խումբին մէջ Հայաստանի մրցակիցները պիտի ըլլան Ռումանիա, Դանիա, Լեհաստան, Գարատաղ եւ Ղազախիստան։
Հայաստանի մէջ 2016-ի տարեմուտին կը տիրէ աւանդական խանդավառութեան մթնոլորտ:
Պատրիարքարանի հովանաւորութեամբ Գաղթականաց յանձնախումբը գործի լծուած:
Հայաստանի մէջ ենթակառուցուածքային խոշոր ներդրումային ծրագրերը կ՚ամբողջանան աստիճանաբար:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան դէպի Ռիատ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ՝ Սէուտական Արաբիոյ Սելման Պին Ապտիւլազիզ Էլ Սուուտ թագաւորի հրաւէրին ընդառաջ։ Էլ Եամամա պալատին մէջ տեղի ունեցան նախագահին եւ թագաւորին բանակցութիւնները։
Երեւանի մէջ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առթիւ այս օրերուն տեղի կ՚ունենան զանազան ընդունելութիւններ, որոնք կը կազմակերպուին Հայաստանի պետական աւագանիի գլխաւոր դէմքերուն կողմէ։ Այս շրջագծով զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն ի պատիւ ալ կը սարքուին ընդունելութիւններ, որոնք առիթ կը հանդիսանան նաեւ յառաջիկայ տարուան սպասումներուն կապակցութեամբ պետական աւագանիին կողմէ պատգամներու փոխանցման։