ԻՐԱՆ ՆՈՐ ԾՐԱԳՐԵՐ Կ՚ԱՌԱՋԱՐԿԷ
Միջուկային ծրագրին շուրջ Արեւմուտքին հետ համաձայնութեան հասնելէ վերջ՝ Իրան ներկայիս կը նախատեսէ բազմակողմանի քայլերու ձեռնարկել տնտեսութիւնը թափով զարգացնելու առաջադրութեամբ։ Կը հաղորդուի, որ Թեհրան վերատեսութեան ենթարկած է արտասահմանեան ուժանիւթային ընկերութիւններու հետ պայմանագրեր կնքելու կարգը՝ փորձելով 30 միլիառ ամերիկեան տոլարի նոր ներդրումներ ներգրաւել։
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան (ՀՄԸՄ) կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը, որ վերջերս այցելեց Երեւան։ Հարկ է նշել, որ ՀՄԸՄ-ի կեդրոնական վարչութեան ներկայ կազմը ընտրուած էր անցեալ Սեպտեմբերին Երեւանի մէջ գումարուած 11-րդ պատգամաւորական ժողովի արդիւնքին։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր այցելութիւն մը կու տայ Պրիւքսէլ։ Սա շատ կարեւոր հանգրուան մըն է Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններուն տեսակէտէ։ Արդարեւ, այսօր պաշտօնապէս կ՚ազդարարուի Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան միջեւ նոր իրաւական փաստաթուղթի շուրջ բանակցութիւններուն սկիզբը։
Հայաստանի առջեւ ուրուագծուեցաւ կառավարման խորհրդարանական համակարգի հորիզոնը:
Հայաստանի կառավարութեան նորակառոյց մասնաշէնքին բացումը՝ Երեւանի մէջ:
Երեւանի մէջ Ամանորի խանդավառութիւնը հետզհետէ կը դառնայ զգալի։ Մայրաքաղաքի Հիւսիսային պողոտային մէջ արդէն սկսած է Սուբր Ծննդեան տօնավաճառը, որ այս տարի կազմակերպուած է չորրորդ անգամ։
«Արեւելք» կայքէջին վրայ կը կարդանք.-