TEOG-Ի ԳԾՈՎ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑԻՆ ՇՈՒՐՋ «ՆՈՒՐԲ» ՀԱՐՑՈՒՄ ՄԸ
Տարրական կրթութենէն միջնակարգ անցնելու ուղղեալ կեդրոնական հասարակաց քննութեան՝ TEOG-ի շրջագծով, «Թուրքիոյ Հանրապետութեան յեղափոխութեան պատմութիւն եւ Աթաթիւրքականութիւն» առարկայի հարցումներուն շրջագծով աշակերտներուն ուղղուած է հայկական հարցին վերաբերեալ հարցում մը, ինչ որ այսօր արձագանգ գտած է նաեւ տեղական մամուլին մօտ։
Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան եւ «Վիվասել» ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան նախընթաց օր «Երեւանի մէջ սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։
Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ անակնկալօրէն յառաջացած լարուածութիւնը կու գայ խորացնել Սուրիոյ ճգնաժամին շուրջ առկայ անորոշութիւնը:
Ֆրանսայի Նախագահ Ֆրանսուա Օլանտ երէկ երեկոյեան Փարիզի մէջ հիւրընկալեց Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլը։ Երկու ղեկավարները աշխատանքային ընթրիք մը ունեցան Էլիզէի պալատին մէջ, նաեւ Հանրապետութեան հրապարակին վրայ միասնաբար յարգանքի տուրք մատուցին Փարիզի ահաբեկչութեան զոհերուն նկատմամբ։
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ տեսակցեցաւ Սերպիոյ Պաշտպանութեան նախարար Պրաթիսլաւ Կաշիչի հետ, որու կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Երեւան։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր կ՚այցելէ Թիֆլիզ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ ան ներկայ կը գտնուի Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան ծրագրին մասնակից երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու անպաշտօն բնոյթով հանդիպման։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու այսօր կ՚այցելէ Պաքու։ Սա նորանշական նախարարի առաջին արտասահմանեան այցելութիւնն է՝ Թուրքիոյ 64-րդ կառավարութեան կազմի հաստատումէն անմիջապէս վերջ։
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան երէկ վաւերացուց 64-րդ նախարարաց խորհուրդին կազմը:
Սուրիոյ տագնապը օրէ օր կը ճիւղաւորուի՝ տարածքաշրջանէն ներս յառաջացնելով նոր լարուածութիւններ, որոնք չեն նպաստեր ահաբեկչութեան յաղթահարման: