ԴԻՄԱՒՈՐՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան այս առաւօտ պաշտօնական արարողութիւնով մը դիմաւորեց Սերպիոյ Պաշտպանութեան նախարար Պրաթիսլաւ Կաշիչը, որ պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Երեւան։
Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի կրթական կեանքին տեսակէտէ յատկանշական յոբելենական արարողութիւն մը։
Թուրքիա-Սուրիա սահմանին վրայ այս առաւօտ ապրուեցաւ դէպք մը։ Թուրք զինեալ ուժերը վար առին սահմանը խախտած ռազմաօդանաւ մը, որու օդաչուները փրկուեցան անկարգելով։ Թրքական աղբիւրներու հաղորդումներուն մէջ շեշտուեցաւ, թէ ճշդել կարելի չէ եղած սուրիակա՞ն թէ ռուսական ըլլալը։ Նախ նշուեցաւ ռուսական ըլլալը, ապա հերքուեցաւ, իսկ Մոսկուայի պաշտօնական աղբիւրները հաղորդեցին, թէ վար առնուած օդանաւը ռուսական էր։
Մոսկուա դէմ է Սուրիոյ համար դուրսէն ղեկավար պարտադրելու ուղղեալ փորձերուն:
Փարիզի մէջ տեղի ունեցած ահաւոր ահաբեկչութենէն վերջ Ֆրանսայի Նախագահ Ֆրանսուա Օլանտ այսօր կ՚այցելէ Ուաշինկթըն, ուր Սպիտակ Տան մէջ կը տեսակցի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Պարաք Օպամայի հետ։
Արցախի պատմական Գանձասարի վանքի համալիրէն ներս նորահաստատ մատենադարան:
Սոֆիայի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ «Մանկական Եւրոտեսիլ-2015» միջազգային մրցոյթը, որու ընթացքին Հայաստանը ներկայացուց Միքայէլ Վարոսեան, որ իր ներկայացուցած «Love» անուն երգով նուաճեց երկրորդ տեղը։
Երեւանի «Ազգ» թերթի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Աւետիքեան շաբաթավերջին նշեց իր ծննդեան 70-ամեայ յոբելեանը։ Այս առթիւ Հայաստանի հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան մասնաւոր շնորհաւորական մը ուղարկեց Յակոբ Աւետիքեանին։