ՌՈՒՍԱԿԱՆ ԴԵՐԻ ՁԵՒԱՓՈԽՈՒՄԸ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Այս պահու դրութեամբ, Ռուսաստանը Հարաւային Կովկասի մէջ ձեռնունայն է՝ առանց Թուրքիա-Ատրպէյճան թանտեմին։ Ո՛չ միայն փոխուած են խաղի կանոնները, այլ իրավիճակը հասած է այնպիսի փուլի մը, ուր կը մատնուի Ռուսաստանի անգործութիւնը։
Միրզոյեան մասնակցեցաւ Եւրոխորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու կոմիտէի երէկուան նիստին:
Այս ամսավերջին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ կարեւոր համերգ մը՝ նշանաւորումն հայ երաժշտութեան կենդանի առասպել Տիգրան Մանսուրեանի տարեդարձին։ Այս մեծ ձեռնարկը նախատեսուած է մաէսթրոյի ծննդեան օրը՝ յունուարի 27-ին, Երեւանի Օփերայի համալիրէն ներս։
Քաղաքիս յոյն համայնքը ներկայ տարեմուտին ապրեցաւ մեծ ոգեւորութիւն՝ վերակենդանացնելով նաեւ իր աւանդութիւնները։ Այս շրջանակին մէջ յատկանշական էր՝ Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքի հովանաւորութեան ներքեւ կազմակերպուած երիտասարդական ձեռնարկը, որ տեղի ունեցաւ Եըլտըզի «Քոնրատ» պանդոկի երդիքին տակ։
Պլինքըն հեռախօսազրոյցի ընթացքին Ալիեւին յորդորեց անյապաղ ապաշրջափակել Լաչինի միջանցքը:
«Պոլիս լուսատու» լուսանկարիչներու նորաստեղծ հարթակը իրականացուց առաջին հանդիպումը:
Լաչինի միջանցքը կը շարունակէ մնալ փակ եւ Լեռնային Ղարաբաղը՝ կտրուած Հայաստանէն եւ աշխարհէն։ Արցախի պաշարումը կ՚ընթանայ դէպի 45-րդ օրը։
Երեւանի Օփերայի եւ պալէի թատրոնը այս տարի կը նշէ իր հիմնադրութեան 90-ամեակը։ 1933 թուականին Երեւանի Օփերայի եւ պալէի թատրոնը «Ալմաստ» օփերայի բեմադրութեամբ սկսած էր իր ճանապարհորդութեան։
Խոր ցաւով տեղեկացանք, որ իր մահկանացուն կնքած է ազգային երախտաշատ բարերար Հայկ Տիտիզեան, որ թէ՛ սփիւռքի եւ թէ ընդհանրապէս հայաշխարհի տիրական դէմքերէն մին էր։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան աղբիւրներն ալ երէկ գուժեցին, որ ի Տէր ննջած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մեծանուն բարերարներէն Հայկ Տիտիզեան։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ