ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Վատիկանի Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար Փոլ Ռիչըրտ Կալակեր Արքեպիսկոպոսին հետ։ Զրոյցի ընթացքին Արա Այվազեան վերահաստատեց Երեւանի պատրաստակամութիւնը՝ Սուրբ Աթոռի հետ առաւել ամրապնդելու եւ խորացնելու համար յարաբերութիւնները, որոնք պատմական ու հոգեւոր համընդհանուր արժէքներու վրայ խարսխուած են։