Լրահոս

ՆՈՐ ՇՐՋԱՆԻ ՍԿԻԶԲ

Անգարա-Պաքու եղբայրութեան իրաւական հիմքերու ա՛լ աւելի ամրապնդման համար մօտաւոր ապագային համաձայնագրեր պիտի ստորագրուին:
Էրտողան խօսեցաւ Զանգեզուրի միջանցքի մասին. «Թուրքիա-Ատրպէյճան օրակարգի իւրաքանչիւր գլուխը վճռակամութեամբ եւ ժամ առաջ կեանքի պիտի կոչուի»:

ՄՇՈՒՇԻ ՄԷՋ ՄԵԿՆԱՐԿ

Շաբաթավերջի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութենէն վերջ, Հայաստանի մէջ տեսականօրէն սկիզբ կ՚առնէ նոր շրջան մը։ Յետպատերազմեան ծանր իրավիճակով յառաջացած քաղաքական տագնապին լուծում գտնելու առաջադրութեամբ տեղի ունեցաւ այս ընտրութիւնը։

ՀԲԸՄ-Ի ԱՐՁԱԳԱՆԳԸ. ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ԱՊԱՔԻՆՄԱՆ ՈՒՂՂԵԱԼ ԱՌԱՋԻՆ ՔԱՅԼԸ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) երէկ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ՝ շաբաթավերջին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած արտահերթ ընտրութեան առթիւ։ ՀԲԸՄ Հայաստանի ընտրութիւններու արդիւնքը որակեց՝ համազգային ապաքինման ուղղեալ առաջին քայլ։

ԴԻՐՔԵՐԷՆ ՀԵՌԱՑՈՒՄ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի Գեղարքունիքի հատուածին պիտի տեղակայուին Ռուսաստանի զօրքերը:
Վաղարշակ Յարութիւնեան եւ Սերկէյ Շոյկու երէկ ունեցան հերթական հեռախօսազրոյց մը՝ քննարկելով իրադարձութիւնները:

ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿԸ ԿԸ ԽՐԱԽՈՒՍԷ ԱՐՑԱԽԻ ՄԱՍԻՆ ՀԵՏԱԶՕՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքը վերջերս որոշեց Արցախի վերաբերեալ ութ հետազօտական ծրագիր հովանաւորել։ Յառաջիկայ շրջանին այդ ծրագիրները պիտի ստանան հիմնարկի նպաստը։

1 ՅՈՒԼԻՍԷՆ ՍԿՍԵԱԼ ԿԵԱՆՔԸ ԲՆԱԿԱՆՈՆ ՀՈՒՆԻ ՊԻՏԻ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՅ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ յայտարարեց, որ 1 յուլիսէն սկսեալ Թուրքիոյ մէջ կեանքը պիտի դառնայ բնականոն։ Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ հաստատուած սահմանափակումները պիտի ջնջուին այդ թուականի դրութեամբ։

ԵՐԿԻՐ ԴՐԱԽՏԱՎԱՅՐ

Յետպատերազմեան ծանր իրավիճակէն ծնունդ առած լուրջ քաղաքական տագնապի յաղթահարման նպատակով Հայաստանի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ արտահերթ ընտրութիւն, որու արդիւնքով իշխանութիւնը վերարտադրուեցաւ՝ ստանալով ձայներու կէսէն աւելին: Ժողովուրդի դատողութեան դրսեւորումը եղաւ բոլոր չափանիշներէ դուրս:
Թէեւ ընտրողներու միայն 49.4 տոկոսը մասնակցեցաւ քուէարկութեան, սակայն վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը մնաց յառաջատար դիրքի վրայ: Նորընտիր խորհրդարանէն ներս միայն երեք ուժ ներկայութիւն ապահովել յաջողած է. Ռոպերթ Քոչարեանի գլխաւորած դաշինքը դարձաւ գլխաւոր ընդդիմութիւն:

ՎՏԱՆԳԻ ՁԱՅՆԸ

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Ընդամէնը օրեր առաջ կ՚ըսէինք, թէ կիրակին ճակատագրական օր է Հայաստանի համար: Սպասումներ, նոր կեանքի մը սկսելու յոյսեր կը թեւածէին ամէնուր, եռանդ մը պատած էր բոլորս…

ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒ ՅՈՅՍ ՅԱՅՏՆԵՑ, ԹԷ ԵՐԵՒԱՆԻ ՆՈՐ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՉԻ ԿՐԿՆԵՐ ՆԱԽՈՐԴԻ ՍԽԱԼՆԵՐԸ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յոյս յայտնեց, թէ Երեւանի նոր իշխանութիւնը չի կրկներ նախորդ սխալները։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, ան ըսաւ. «Յոյս ունինք՝ Հայաստան կը հասկնայ, որ տարածքաշրջանէ ներս կայունութեան եւ խաղաղութեան ապահովման միակ միջոցը հարեւան երկիրներու միջեւ բարիդրացիական յարաբերութիւններու հաստատումն է։

Էջեր