ՄԱՐԻԱ ԶԱԽԱՐՈՎԱ. «ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ ԴԷՄ Է ՏԱՐԱԾՔԱՇՐՋԱՆԷ ՆԵՐՍ ՆՈՐ ԲԱԺԱՆԱՐԱՐ ԳԻԾԵՐՈՒ ՈՒ ԿԸ ԽՐԱԽՈՒՍԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԻՋԵՒ ՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ ՄԹՆՈԼՈՐՏԻ ՁԵՒԱՒՈՐՈՒՄԸ

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնեց, որ իր երկիրը կողմնակից է գերիներու վերաբերեալ խնդրի կարգաւորման՝ «բոլորը բոլորի դիմաց» սկզբունքով։ Ան աւելցուց, որ ռուսական կողմը վճռական ու գործօն քայլերու կը ձեռնարկէ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ այս ամենազգայուն հարցին շուրջ։
«Annie Awards» գծաժապաւէնի մրցանակաբաշխութեան առաջին հորիզոնականը գրաւած է «Հոգի»ն։ Ամերիկեան «Հոգի» (Soul) գծաժապաւէնը արժանացած է հեղինակաւոր «Annie Awards» մրցանակաբաշխութեան առաջին մրցանակին՝ դառնալով տարուայ «Լաւագոյն գծաժապաւէնը»:
Մեծն Բրիտանիոյ մէջ պիտի բացուի հոյամողէզներու ժամանակաշրջանի ձեւագծումով «Բրիտանական Տիզնէյլանտ»։
Արցախի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը այս առաւօտ ահազանգեց, որ վերջին օրերուն Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը հրադադարը խախտած են զանազան ուղղութիւններով։ Ըստ նոյն աղբիւրներուն, այդ խախտումներուն ժամանակ Ատրպէյճանի բանակը օգտագործած է տարբեր տրամաչափով հրաձգային զինատեսակներ։
Նախարար Արա Այվազեան. «Ուժի կիրառումով ստեղծուած իրողութիւնները չեն կրնար օրինական ըլլալ»:
«Եթէ Պաքու կը խօսի Զանգեզուրի միջանցքի մասին, Երեւանն ալ կրնայ խօսիլ Նախիջեւանի միջանցքի մասին»:
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց, որ իր երկիրը գլխաւոր դերը խաղացած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինեալ հակամարտութեան դադրեցման ուղղութեամբ։
Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովէն (ԵԽԽՎ) ներս օրերս ունեցած ելոյթին ժամանակ անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ Նկատի ունենալով, որ Անկելա Մերքելի ելոյթը շարք մը իրերամերժ մեկնաբանութիւններու դուռ բացած է՝ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը պարզաբանում խնդրած է Գերմանիոյ կառավարութեան բանբերէն։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի գլխաւորութեամբ, բազմաթիւ երկիրներէ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու, նախկին դիւանագէտներու, լրագրողներու եւ ակադեմականներու նախաձեռնութեամբ ստեղծուած է մասնաւոր յանձնաժողով մը, որ հետամուտ պիտի ըլլայ Հայաստանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին ժամանակ կատարուած պատերազմական յանցագործութիւններու ուսումնասիրութեան։