Լրահոս

ՆՈՒՐԲ ՇՓՈՒՄ

Էրտողան-Պայտըն ուշագրաւ ժամկէտով հեռախօսազրոյց մը:
Անգարայի եւ Ուաշինկթընի հաղորդումներուն մէջ որեւէ ակնարկութիւն չկայ հայկական հարցին: Երկու ղեկավարները ժամադրուեցան ՆԱԹՕ-ի մօտալուտ գագաթաժողովի օրերուն հանդիպելու համար:
«Reuters» եւ «Bloomberg» Սպիտակ տան աղբիւրներուն յղում ընելով արձագանգ հանդիսացան պաշտօնապէս հրապարակուածներէն յաւելեալ մանրամասնութիւններու, ըստ որոնց ամերիկեան կողմը տեղեկացուցած է հայոց տեսակէտներուն ընթացք տալու մտադրութեան մասին:

ՀԲԸՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԻ ԿԼՈՊԱԼ ՈՒՂԵՐՁԸ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան վերջին օրերուն հանդէս եկաւ համաշխարհային պատգամով մը։ ՀԲԸՄ-ի Նիւ Եորքի աղբիւրները 15 ապրիլին հրապարակեցին այդ պատգամը։

ԵՐԵՒԱՆԻ «ԿՈՄԻՏԱՍ» ՍԵՆԵԿԱՅԻՆ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ՏԱՆ ՄԷՋ ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ՅԱՏԿԱՆՇԱԿԱՆ ՀԱՄԵՐԳ ՄԸ

Ապրիլի 24-ի այս տարուայ ոգեկոչումներու ծիրէն ներս, երէկ երեկոյեան Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ յատկանշական համերգ մը։ Այսպէս, «Կոմիտաս» սենեկային երաժշտութեան տան երդիքին տակ հանդէս եկան Հայաստանի Ֆիլհարմոնիք նուագախումբը եւ Պետական ակադեմական երգչախումբը։

ՆԱՀԱՏԱԿ ԴԻՒԱՆԱԳԷՏՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ԵՒ ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ՄԷՋ

Հանրապետութեան նախագահութեան առընթեր Հաղորդակցութեան բաժանմունքը այս օրերուն կազմակերպած է ցուցահանդէս մը, որ ձօնուած է հայկական ահաբեկչական կազմակերպութիւններու կողմէ նահատակուած թուրք դիւանագէտներու յիշատակին։

ԱՅՍՕՐ ԲՈՎԱՆԴԱԿ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ԿԸ ՆՇՈՒԻ 23 ԱՊՐԻԼԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳԵՐԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՄԱՆԿԱՆՑ ՏՕՆԸ

Այսօր բովանդակ Թուրքիոյ մէջ մեծ հրճուանքով կը նշուի Ապրիլ 23-ի Ազգային գերակայութեան եւ մանկանց տօնը։ Ինչպէս անցեալ տարի, այս տարի եւս քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած սահմանափակումներուն համապատասխան տեղի կ՚ունենան տօնակատարութիւնները։ Պայմանները թէեւ արտասովոր են, սակայն ոգեւորութիւնը նուազ չէ երկրին մէջ՝ հաշուի առնելով թէ՛ այս տօնին նշանակութիւնը եւ թէ ժողովուրդի՝ միասնականութեան խոր գիտակցութիւնը։

ՊԱՅՏԸՆԻՆ ՊԱՏԳԱՄ

Հանրապետութեան նախագահի առընթեր Բարձրագոյն խորհրդակցութեան մարմինը ժողով մը գումարեց:
Նախագահ Էրտողան պատմական զրպարտութիւն որակեց ցեղասպանութեան պնդումը. Քըլըչտարօղլու համամիտ:

ՆՈՂԿԱԼԻ ԴՐՈՒԱԳՆԵՐ

Փաշինեանի Սիւնիքի մարզ այցելութիւնը իսկական գայթակղութեան մը ծնունդ տուաւ Հայաստանի մէջ:
Լեւոն Տէր-Պետրոսեան շատ ծանր արտայայտութիւններով քննադատեց վարչապետը: Երեւանի կեդրոնին ընդդիմութեան ցոյցերը վերստին թափ հաւաքեցին: Սպառած իշխանութիւնը միշտ կը զբաղի ընտրական օրէնսգիրքի փոփոխութիւնով:

ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԴԻՄԵՑ ԴԱՏԱՐԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան որոշեց չվաւերացնել երկրի բարձրագոյն կրթութեան եւ գիտութեան մասին օրէնքին մէջ եւ յարակից օրէնսդրութեան գծով նախատեսուած փոփոխութիւններու ծրարը, որ վերջերս Ազգային ժողովի հաւանութեան արժանացած էր։ Նախագահ Սարգսեանի աշխատակազմը երէկ տեղեկացուց, որ այդ օրէնքի Սահմանադրութեան համապատասխանութիւնը ճշդելու համար որոշուած է դիմել Սահմանադրական ատեան։

ՓՈՒԹԻՆ ՊԱՏՐԱՍՏԱԿԱՄ

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց, որ պատրաստ է տեսակցիլ Ուքրայնայի նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի հետ։ Փութին պատրաստակամութիւն յայտնեց Զելենսքին Մոսկուայի մէջ հիւրընկալելու համար՝ անոր տեսակէտէ յարմար որեւէ ժամանակ։

ՄԻՇՏ ՀՍԿԱՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔԻՆ

Ռուսահայ գործարար ու բարերար Սամուէլ Կարապետեան կը շարունակէ տեղ զբաղեցնել Ռուսաստանի ամենահարուստ անձնաւորութիւններու շարքին։ «Forbes» հանդէսը 2021 թուականի հինգերորդ համարին մէջ հրապարակեց Ռուսաստանի ամենաունեւոր 200 գործարարներու ցուցակը։

Էջեր