«ԱՐՏԱՒԱԶԴ» ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԻՒՆ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Մարտի 27-ի Համաշխարհային թատրոնի օրուան առթիւ, շաբաթավերջին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւն մը, որու ընթացքին կատարուեցաւ «Արտաւազդ» թատերական մրցանակաբաշխութիւնը։ Այս հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Երեւանի Օփերայի համալիրէն ներս։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Հայաստանի եւ Արցախի նախկին նախագահները երէկ ունեցան հանդիպում մը։ Այսպէս, Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան, երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան, երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեան, ինչպէս նաեւ Արցախի նախկին նախագահներ՝ Արքատի Ղուկասեան եւ Բակօ Սահակեան քննարկեցին յետպատերազմեան շրջանին ստեղծուած իրավիճակը:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ երէկ տեղի ունեցաւ հեռախօսազրոյց մը, որու ժամանակ քննարկուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութիւնով ամրագրուած դրոյթներու կատարման ընթացքը։
Սուրիոյ ճատրակի 2021 տարեշրջանի տարիքային ախոյենութեան մրցումներուն, Արսէն Քենեան եկաւ բարձր պահելու Սուրիոյ ՀՄԸՄ-ի անունը, երբ յաջողեցաւ հանդիսանալ տղոց 10 տարեկանէն վար ախոյեան: Անոր արձանագրած այս կարեւոր իրագործումը բնականաբար կարելի է նկատել բացառիկ նուաճում մը՝ նկատի ունենալով, որ այս արդիւնքին հասնելու համար անհրաժեշտ է հետեւողականութիւն:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Պեշթեփէի մէջ հիւրընկալեց Չինաստանի Արտաքին գործոց նախարար Ուանկ Ին, որ այցելեց Անգարա։ Մէկ ժամ տեւեց զրոյցը, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու։
Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար յայտարարեց, որ 1915-ի դէպքերուն շուրջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները պէտք է քննէ սեփական արխիւը։ Ապրիլի 24-ի ընդառաջ ԱՄՆ-ի մէջ հայկական լոպին թափ տուած է աշխատանքին՝ որպէսզի նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտըն համապատասխան պատգամին մէջ օգտագործէ ցեղասպանութիւն եզրոյթը։
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը երէկ երեկոյեան Վատուցի մէջ 1-0 հաշուով յաղթանակ տօնեց Լիխթենշթայնի դէմ։ Այսպէսով հայկական ընտրանին յաղթանակով սկսաւ՝ 2022 թուականի ֆութպոլի աշխարհի առաջնութեան որակաւորման փուլի խաղերուն, «J» խմբակին մէջ։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ Պրիւքսելի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ։ Աւելի քան 45 վայրկեան տեւեց այս տեսակցութիւնը, որու ընթացքին արծարծուեցան այն բոլոր խնդիրները, որոնք ներկայ դրութեամբ կը զբաղեցնեն թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններու օրակարգը։
ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու երէկուան ժողովը՝ Պրիւքսելի մէջ: