ՄԱՅԻՍ 19-Ի ԱԹԱԹԻՒՐՔԻ ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ, ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՄԱՐՄՆԱՄԱՐԶԻ ՏՕՆԸ
Բովանդակ Թուրքիոյ մէջ այսօր կը նշուի Մայիս 19-ի տօնը։ Հանրապետութեան մեծանուն հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի ոգեկոչման եւ Երիտասարդութեան տօնը այս տարի եւս կը նշուի քաղաքացիական խոր գիտակցութեամբ։ Մեծն Աթաթիւրքի Սամսուն ելքի 102-րդ տարեդարձը առիթ դարձած է, որ ամբողջ երկիրը համակուի տօնական բարձր տրամադրութեամբ, հակառակ համաճարակի մթնոլորտին։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան կը կրկնէ բանակցութիւններէն դրական արդիւնքի ցանկութիւնը՝ խաղաղ լուծման համար:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն եւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով այսօր ժամադրուած են Ռէյքաւիքի մէջ։ Երբ Ուաշինկթըն-Մոսկուա առանցքին վրայ զգալի լարուածութիւն յառաջացած է, նախարարներու մակարդակով այս տեսակցութեան կը սպասուի ուշադրութեամբ:
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան անդամներէն մին ենթարկուած է ծայրայեղական երիտասարդներու յարձակման։ Երբ ամբողջ աշխարհ Երուսաղէմի արիւնալի իրադարձութիւններուն կը հետեւի, այս լուրն ալ, անշուշտ, կարելի չէ անուշադրութեան մատնել։
Ատրպէյճանի վարչապետ Ալի Ասատովի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Մոսկուա։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Ռուսաստանի վարչապետ Միխայիլ Միշուսթին վաղը կը հիւրընկալէ իր պաշտօնակիցը։
Հայաստանի տարածք ներխուժած Ատրպէյճանի զօրքերուն մէկ մասը վերադարձած է ելման դիրքերը, իսկ խումբ մը զինուորականներ կը շարունակեն մնալ այնտեղ: Հայկական բանակի ստորաբաժանումներըկը կանխեն թիկունքային ապահովման փորձերը: Սահմանի իրադրութեան գծով փոփոխութիւն չկայ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Նիւ Եորքի մէջ իր մահկանացուն կնքած է նախկին պոլսահայ արժէքաւոր եւ համակրելի կրթական մշակ Ոսկիան Շէշէթեան։ Բոլոր անոնք, որոնք մեր համայնքի մօտաւոր անցեալի տարեգրութեանց վերաբերեալ ունին տարրական տեղեկութիւն մը՝ կրնան վկայել, թէ նորոգ հանգուցեալ Ոսկիան Շէշէթեան կը մարմնաւորէր տիպար ու նուիրեալ կրթական մշակի կերպարը։