ԻՆՔՆԱԲԱՒ, ԿԱՅԱՑԱԾ ՄԱՐԴՈՑ ԹԻՒԻ ԲԱՐՁՐԱՑՈՒՄԸ՝ ՆԱԽՐԱՅԻՆ ԲՆԱԶԴՆԵՐՈՒ ՀԱԿԱԹՈՅՆԸ
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Վերջերս գործընկերոջս յօդուածին տակ կրկին կարդացի «դուն քու փիցցան կեր» ոճի մեկնաբանութիւններու շարքը ու կրկին համոզուեցայ, թէ մենք կ՚ապրինք յետ-ճշմարտութեան (post-truth) դարաշրջանին։ Սա իրավիճակ մըն է, երբ իրականութեան հանդէպ մարդոց վերաբերմունքը, անոնց ընկալումներն ու զգացումները աւելի կարեւոր են՝ քան բուն իրականութիւնը։
Հայկական թատրոնին համար միշտ այժմէական է «Սասունցի Դաւիթ»ը եւ հայ թատերասէրները միշտ նորովի հետաքրքրութեամբ կը հետեւին անոր ներկայացումներուն։ Հերթական բեմադրութիւնները երբեք չեն ձանձրացներ հանդիսատեսը։
Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Տիեզերական Պատրիարքը ներկայ ամսուայ սկիզբին հիւրընկալած է Կովկասի մահմետականներու հոգեւոր առաջնորդ, Ատրպէյճանի շէյխիւլիսլամ Ալլահշիւքիւր Փաշազատէն։ Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանին մէջ տեղի ունեցած է հանդիպումը, ինչ որ արձագանգ գտած է նաեւ հայկական լրատուամիջոցներուն մօտ։
Հանրապետութեան նախագահութեան առընթեր Հաղորդակցութեան բաժանմունքին կողմէ նախաձեռնութիւն:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճան հայ գերիները կ՚օգտագործէ՝ որպէս խաղաքարտ։
Հայաստանի մէջ յառաջիկայ 20 յունիսին նախատեսուած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը շարունակէ այցելել երկրի մարզերը։ Նախընտրական քարոզարշաւի բնոյթ ստացած են վարչապետին այդ այցելութիւնները, որոնց հերթականը ան շաբաթավերջին տուաւ Վայոց ձորի մարզը։
Ուինձորի ամրոցի Սուրբ Գէորգ մատրան մէջ տեղի ունեցաւ պատմական յուղարկաւորութեան կարգ:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին ցաւակցական մը հրապարակեց՝ սփիւռքահայ յայտնի գործիչ նորոգ հանգուցեալ Վարդան Գրիգորեանի մահուան կապակցութեամբ։ Ողբացեալի ընտանիքին եւ բոլոր վշտացեալներուն ուղղուած ցաւակցագրին մէջ Վեհափառ Հայրապետը նշեց հետեւեալը։
ՄԱԿ-ի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ դեսպան Մհեր Մարգարեան շաբաթավերջին նամակ մը ուղարկեց ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսին։ Այս առթիւ ան անդրադարձաւ Պաքուի մէջ վերջին օրերուն բացուած «Ռազմական աւարի պուրակին»։
Պաքուի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպանութիւնը շաբաթավերջին մեկնաբանութիւնով մը հանդէս եկաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ՝ 13 ապրիլին, միջազգային մասնագէտներու հետ հանդիպման ժամանակ հնչեցուած յայտարարութիւններուն կապակցութեամբ։