ՍԻՒՆԻՔԻ ՀԱՐՑԵՐՈՎ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ երկրի Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեանի հետ։ Զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան գերիներու վերադարձի եւ կորսուածներու հայրենադարձման ուղղութեամբ ձեռնարկուած աշխատանքները։
Ֆրանսախօսութեան շարժման շրջանակներէն ներս Հայաստանի մէջ տեղի կ՚ունենան զանազան ձեռնարկներ։ Երեւանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Ճոնաթան Լաքոթ երէկ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին մանրամասն բացատրութիւններ տուաւ այս տարուան ծրագրին շուրջ։
Հարիւր տարի անց երկու երկիրներուն կողմէ կ՚ընդգծուի փաստաթուղթի միշտ արդիական մնալը։
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն յայտարարեց, որ եթէ Սուրիոյ մէջ ներքին պատերազմը չաւարտի, ապա գաղթի խնդիրը չի կրնար լուծուիլ։
Արա Այվազեան. «Արցախի աւերման, հայ բնակչութեան ոչնչացման վրայ կառուցուած խաղաղութիւնը չի կրնար ըլլալ հաստատուն եւ տեւական»։
Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի քաղաքացիները 1 ապրիլ 2021 թուականի դրութեամբ պիտի կարողանան փոխադարձ ձեւով ճամբորդել միատեսակ անձնագիրով։
Հայաստանի եւ Վրաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ նախընթաց օր տեղի ունեցան հերթական քաղաքական խորհրդակցութիւններ։ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններուն ժամանակ հայկական եւ վրացական պատուիրակութիւններուն գլուխը կը գտնուէին Արտաքին գործոց փոխ-նախարարներ՝ Գագիկ Ղալաչեան եւ Լաշա Տարսալիա։
Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ բանակցութիւններու հերթական փուլը երէկ տեղի ունեցաւ Աթէնքի մէջ։ Միջերկրականի արեւելքին անցեալ ամառ ծագած տագնապէն վերջ երկու հարեւաններուն միջեւ երկխօսութիւնը վերսկսած է՝ երկար ընդհատումէ մը վերջ։
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդը երէկ արտահերթ ժողով մը գումարեց հեռավար դրութեամբ։ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի գլխաւորութեամբ ծաւալուեցան առցանց քննարկումները։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ