Լրահոս

ՆՈՐ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ յառաջիկայ շրջանին պատրաստութիւններ կրնան սկսիլ նոր սահմանադրութեան մը մշակման համար։
Անգարայի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Նախարարաց խորհուրդի ներկայ ամսուան առաջին ժողովը։

ՎԵՐԱԴԱՐՁ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ

Հայաստանի նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի մօտ ախտաճանաչուած քորոնաժահրէն վերջ իրեն համար կատարուած դարմանումը տուած է դրական արդիւնք։ Նախկին նախագահի գրասենեակը երէկ տեղեկացուց, որ Սերժ Սարգսեանի վերջին քննութեան արդիւնքը եղած է բացասական։

ՀԲԸՄ ԴՐԱՄԱՇՆՈՐՀ ԿԸ ՅԱՏԿԱՑՆԷ ԱՐՑԱԽԻ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ՀԵՏԱԶՕՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) վերջերս յայտարարեց նոր նախաձեռնութեան մը մասին, որ կը վերաբերի Արցախի ձօնուած նիւթերով հետազօտութիւններու պարագային դրամաշնորհներու յատկացման։

«ՀԱՃԵԼԻ» ԵՒ «ՈԳԵՒՈՐԻՉ»

Մեր պետութեան կրած պարտութենէն եւ ազգային նուաստացումէն յետոյ «հաճելի» եւ «ոգեւորիչ» բաներու մասին խօսիլը կը նշանակէ դաս չքաղել կատարուածէն եւ երթալ ապագայ պարտութիւններու ճանապարհով։ Նախ եւ առաջ, պէտք է ընդունիլ, որ այն, ինչ տեղի ունեցած է՝ պարտութիւն էր եւ նուաստացում, ինչ որ մեր այսօրուան իշխանութիւնը չ՚ընդունիր, որովհետեւ, եթէ ընդունի, հարց կը ծագի՝ այդ պարագային ինչու տակաւին նստած էք ձեր աթոռներուն։

«ԱՒՐՈՐԱ» ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆԸ Կ՚ԱՋԱԿՑԻ «ԹՈՒԱՅԻՆ ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆ» ԾՐԱԳՐԻՆ

«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը տեղեկացուց, որ 10 հազար ամերիկեան տոլար դրամաշնորհ յատկացուցած է Երեւանի Մատենադարանին՝ «Թուային Մատենադարան» ծրագրի շրջանակներէն ներս։

ՄՈՎՍԻՍԵԱՆԷՆ ՀՐԱԺԵՇՏ

Հայկական ֆութպոլի արդի մեծ աստղերէն Եուրա Մովսիսեան աւարտեց իր քարիէրը։ Հայաստանի ազգային հաւաքականի նախկին յարձակողներէն Եուրա Մովսիսեան, որ վերջին շրջանին որոշ վնասուածքներէ կը տառապէր, որոշեց այլեւս լքել ֆութպոլը։

ՆՈՐ ՁԵՒԱՉԱՓԵՐ

Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետներուն հանդիպումը՝ Մոսկուայի մէջ:
Ստեղծուեցան մասնագիտական զանազան խումբեր, որոնց առաջին ժողովները տեղի պիտի ունենան մինչեւ շաբաթավերջ:

ՃԵՒԱՏ ԶԱՐԻՖ ՆԱԽԻՋԵՒԱՆԻ ՀԱՄԱՐ ԵԶԱԿԻ ԴԵՐ ՄԸ ԿԸ ՆԱԽԱՏԵՍԷ ԿՈՎԿԱՍԻ ՆՈՐ ԻՐԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐՈՎ

Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆ շաբաթավերջին աւարտեց իր ձեռնարկած շուրջ միշաբաթեայ մեծ շրջագայութիւնը, որու եզրափակիչ փուլին շփումներ ունեցաւ Նախիջեւանի մէջ։ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին յաջորդած իրավիճակի պայմաններուն ներքեւ Զարիֆի իրականացուցած ուղեւորութեան նպատակն էր համագործակցութեան նոր ձեւաչափերու հիմքեր դնել Կովկասէ ներս։

Էջեր