ՅՍՏԱԿ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆ
Փութին եւ Մաքրոն հեռախօսազրոյցի ընթացքին անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին:
Ռուսաստանի եւ Ֆրանսայի նախագահները կանգ առին գերիներու վերադարձի, մարդասիրական աջակցութեան եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանման վրայ: Արմէն Սարգսեան նամակ մը ուղարկեց Անթոնիօ Կութերեսին:
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ յառաջիկայ շրջանին Թուրքիոյ մէջ ամբողջական սահմանափակումներ պիտի հաստատուին։ Նկատի ունենալով, որ մասնակի սահմանափակումները ակնկալուած արդիւնքը չեն տուած համաճարակի ծաւալման թափը կասեցնելու առումով, պետական մարմինները անխուսափելիօրէն նոր արժեւորումներու ձեռնարկած են։
Լիբանանի Երիտասարդութեան եւ մարմնամարզի նախարար Վարդինէ Օհանեան, որ վերջին օրերուն Հայաստան այցելեց՝ որպէս նախագահ Միշել Աունի յատուկ ներկայացուցիչը, երէկ բարձր մակարդակի վրայ շարք մը հանդիպումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Այս ծիրէն ներս ան հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի կողմէ։
Լիթվայի Արտաքին գործոց նախարար Կապրիէլիուս Լանտսպերկիս երէկ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Երեւան, ուր Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունեցին հիւր նախարարը։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն եւ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան արդէն ընդունեց կառավարութեան հրաժարականը։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան շաբաթավերջին Ապրիլի 24-ի առթիւ հրապարակեց պատգամ մը։ Իր յայտարարութիւնը այս տարի ալ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքին հասցէագրուած ուղերձի մը ձեւաչափին մէջ էր։ Նախագահ Էրտողան դրական մօտեցումներ արտայայտած եւ հաշտ ապագայի մը ձգտումը ընդգծած է այս պատգամին մէջ, որու թրքերէն բնագիրը կը ներկայացնենք ստորեւ։
Այս տարուայ Ապրիլի 24-ին Սպիտակ տունէն կատարուած յայտարարութիւնը հայկական հարցին տեսակէտէ նոր վիճակ մը ստեղծեց միջազգային բեմահարթակի վրայ: Նախագահ Ճօ Պայտընի պատգամին մէջ 1915-ի դէպքերը որակուեցան ցեղասպանութիւն, ինչ որ գտաւ շատ լայն արձագանգ:
Ապրիլի 24-ի ոգեկոչումներուն ժամանակ այս տարի աւելի ընդգծուած ձեւով ակնարկութիւններ կատարուեցան Հարաւային Կովկասի իրադրութեան եւ տարածքաշրջանային հեռանկարներուն:
Հայաշխարհը այս 24 Ապրիլին ցեղասպանութեան սրբադասեալ նահատակներու բարեխօսութեան հայցին հետ ընդելուզած է Արցախի երկրորդ պատերազմի զոհերու սուգը:
Էրտողան-Պայտըն ուշագրաւ ժամկէտով հեռախօսազրոյց մը: