ԱՆՍՏՈՅԳ ՏՈՒԵԱԼՆԵՐ
Քորոնաժահրի բրիտանական հիմնամանրէի եւ բարձր մահացութեան միջեւ կապեր չեն ստուգուած։ Այսպէս, գիտնականներ չեն կրցած երեւան բերել այն ապացոյցները, թէ քորոնաժահրի բրիտանական հիմնամանրէն կը յանգեցնէ հիւանդութեան աւելի ծանր ընթացքի կամ աւելի վտանգաւոր է մահացութեան տեսակէտէ:
Մինչեւ քառասուն տարեկան միլիառատէրերու թիւը տարուայ մը ընթացքին հասած է 79-ի։ Աշխարհի վրայ աւելի քան 1 միլիառ ամերիկեան տոլար կարողութեամբ մինչեւ քառասուն տարեկան միլիառատէրերու թիւը այս տարի աւելցած է մինչեւ 79-ը, ինչ որ 26-ով աւելի է, քան 2020 թուականին:
Հայաստանի ընթերցասէրներուն ներկայացուեցաւ Սթեֆըն Հաուքինկի «Համառօտ պատասխաններ՝ կարեւոր հարցումներուն» գիրքը։
Աշխարհ արդեօք պիտի կարենա՞յ փրկուիլ քորոնաժահրի համավարակէն, պիտի կարենա՞յ շարունակել իր բնականոն կեանքը նախկինին նման։ Հաւանաբար, կան յոյսեր, որովհետեւ արդէն կ՚առնուին որոշումներ յառաջիկայ տարուան համար։
Դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինի կողմէ հաւաստիացումներ. «Հայ գերիներու վերադարձի հարցը Ռուսաստանի առաջնահերթութիւններու շարքին է»:
Եգիպտոսի Արտաքին գործոց նախարար Սեմիհ Շիւքրի յայտարարեց, որ իր երկիրը կողմնակից է Թուրքիոյ հետ բնականոն յարաբերութիւններ հաստատելու։ Ըստ իրեն, սա պէտք է ըլլայ ի նպաստ երկու կողմերու երկխօսութեամբ եւ միջազգային իրաւունքի կանոններուն համապատասխան ձեւով։
Միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը վերջերս հրապարակեց՝ աշխարհի վրայ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան վերաբերեալ 2020-2021 շրջանի զեկոյցը, որու մէջ մասնաւոր բաժին մը յատկացուած է Հայաստանին։ Զեկոյցի Հայաստանին յատկացուած բաժնին մէջ տեղ տրուած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի երկրորդ պատերազմին։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Երեւանի մէջ երէկ սկսաւ Ազգային գրադարանային շաբաթը։ Հայաստանի Ազգային գրադարանէն ներս այս առթիւ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր հաւաքոյթ մը։
Ամբողջ աշխարհի եւ բովանդակ Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրի համաճարակին դէմ յամառ պայքարը կը շարունակուի։ Հարցը մէկ կողմէ ունի ընդհանրական բնոյթ, իսկ միւս կողմէ տեղական ամէն տեսակ առանձնայատկութիւն կարեւորութիւն կը ներկայացնէ՝ փորձառութեան վերածելու համար ընդհանուր մեծ պայքարի յաջողութեան ճանապարհին։