ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ
Հայկական թատրոնին համար միշտ այժմէական է «Սասունցի Դաւիթ»ը եւ հայ թատերասէրները միշտ նորովի հետաքրքրութեամբ կը հետեւին անոր ներկայացումներուն։ Հերթական բեմադրութիւնները երբեք չեն ձանձրացներ հանդիսատեսը։
Հայկական թատրոնին համար միշտ այժմէական է «Սասունցի Դաւիթ»ը եւ հայ թատերասէրները միշտ նորովի հետաքրքրութեամբ կը հետեւին անոր ներկայացումներուն։ Հերթական բեմադրութիւնները երբեք չեն ձանձրացներ հանդիսատեսը։
Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Տիեզերական Պատրիարքը ներկայ ամսուայ սկիզբին հիւրընկալած է Կովկասի մահմետականներու հոգեւոր առաջնորդ, Ատրպէյճանի շէյխիւլիսլամ Ալլահշիւքիւր Փաշազատէն։ Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանին մէջ տեղի ունեցած է հանդիպումը, ինչ որ արձագանգ գտած է նաեւ հայկական լրատուամիջոցներուն մօտ։
Հանրապետութեան նախագահութեան առընթեր Հաղորդակցութեան բաժանմունքին կողմէ նախաձեռնութիւն:
Անգարայի մէջ վաղը տեղի պիտի ունենայ խորհրդաժողով մը՝ 1915-ի դէպքերու պատմական հէնքին, իրաւական չափումներուն եւ մերօրեայ արձագանգներուն շուրջ: Երեք նիստերու ձեւաչափով պիտի ներկայացուին զեկուցումներ:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճան հայ գերիները կ՚օգտագործէ՝ որպէս խաղաքարտ։
Դէպի Վրաստան պաշտօնական այցելութեան աւարտին, Արմէն Սարգսեան շաբաթավերջին Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Վիրահայոց թեմի՝ Թիֆլիզի կեդրոնէն ներս յայտարարութիւններ ըրաւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն։
Հայաստանի մէջ յառաջիկայ 20 յունիսին նախատեսուած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը շարունակէ այցելել երկրի մարզերը։ Նախընտրական քարոզարշաւի բնոյթ ստացած են վարչապետին այդ այցելութիւնները, որոնց հերթականը ան շաբաթավերջին տուաւ Վայոց ձորի մարզը։
Ուինձորի ամրոցի Սուրբ Գէորգ մատրան մէջ տեղի ունեցաւ պատմական յուղարկաւորութեան կարգ:
Անգլիոյ Էլիզապէթ Բ. թագուհին եւ արքունիքը շաբաթավերջին խոնարհեցան Էտինպուրկի դուքսի յիշատակին առջեւ:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին ցաւակցական մը հրապարակեց՝ սփիւռքահայ յայտնի գործիչ նորոգ հանգուցեալ Վարդան Գրիգորեանի մահուան կապակցութեամբ։ Ողբացեալի ընտանիքին եւ բոլոր վշտացեալներուն ուղղուած ցաւակցագրին մէջ Վեհափառ Հայրապետը նշեց հետեւեալը։
ՄԱԿ-ի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ դեսպան Մհեր Մարգարեան շաբաթավերջին նամակ մը ուղարկեց ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսին։ Այս առթիւ ան անդրադարձաւ Պաքուի մէջ վերջին օրերուն բացուած «Ռազմական աւարի պուրակին»։
Պաքուի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպանութիւնը շաբաթավերջին մեկնաբանութիւնով մը հանդէս եկաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ՝ 13 ապրիլին, միջազգային մասնագէտներու հետ հանդիպման ժամանակ հնչեցուած յայտարարութիւններուն կապակցութեամբ։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Երէկ լսեցի երիտասարդ պատգամաւորներէն մէկուն հերթական խօսքերը անանուն կեներալի մը վրայ (չեմ գիտեր, ո՛վ նկատի ունէր՝ Սէյրան Օհանեանը, Մովսէս Յակոբեանը կամ գուցէ Օննիկ Գասպարեանը)։ Կասկած չկայ, թէ նման ելոյթները դիւր կու գան իշխանական պատգամաւորներու «շէֆին», որ, ի դէպ, նոյնպէս կ՚օգտագործէ «ընդդիմադիր կեներալ» անորոշ բառակապակցութիւնը։