Լրահոս

ՊԱՆԴԽՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ... ՆՈՐ ՃԱՆԱՊԱՐՀ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

«Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր հոգելոյս Հրանդ Տինքի նահատակութեան 14-րդ տարելիցը:
Ամէն անգամ զերօ կէտէն պիտի սկսինք Հրանդ Տինքին մասին խօսելու։
Քանի տարի է արդէն, որ պահարանէն իր անունով տպագրուած հայերէն հատորիկը կը վերցնեմ, թերթեմ, դնեմ պայուսակիս մէջ, տանիմ հետս տեղէ-տեղ ու յետոյ վերադարձնեմ իր հին տեղը, տարի մը ամբողջ քնացնելու համար...։

ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՇՈՒՏՈՎ ԴՈՒՐՍ ԿՈՒ ԳԱՅ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԷՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան կը շարունակէ դարմանման տակ մնալ՝ քորոնաժահրով վարակուած ըլլալով։ Նախագահ Սարգսեան տարեմուտին Լոնտոնի մէջ ենթարկուած էր վիրահատութեան մը եւ այդ ժամանակ վարակուած՝ քորոնաժահրով։

ԿԱՐԳԱՎԻՃԱԿԸ՝ ԱՊԱԳԱՅԻՆ

«Տասնամեակներ շարունակ բանակցութիւններու ընթացքին երբեք չէ հնչած Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ կապը խզելու հարցը»:
Ըստ Սերկէյ Լաւրովի, ռազմական գործողութիւններուն վերջ տուած 9 նոյեմբերի հրադադարի եռակողմանի համաձայնութիւնը գաղտնի յաւելուածներ ընդհանրապէս չունի:

ԹԱԹՈՅԵԱՆԻ ԿՈՂՄԷ ՆԱՄԱԿՆԵՐ

Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեան երէկ պաշտօնական նամակներով դիմեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն եւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Կասպըրչիկին։ Այս առթիւ ան անդրադարձաւ Ատրպէյճանէն հայ ռազմագերիներու վերադարձի եւ անոնց իրաւունքներու պաշտպանութեան վերաբերեալ հարցերու։

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՆՈՐ ԴԷՄՔԵՐ ԳՈՐԾԻ ԳԼՈՒԽ ԿՈՒ ԳԱՆ

Հայաստանի ներքին քաղաքական տագնապի մթնոլորտին մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իր վարչախումբի յառաջատար դէմքերու պարագային երէկ կատարեց կարգ մը նոր նշանակումներ։ Հայաստանի կառավարութիւնը մէկ կողմէ կը ջանայ յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ հրաժարականի համատարած պահանջի մարտահրաւէրը դիմագրաւել, իսկ միւս կողմէ Նիկոլ Փաշինեան կը կատարէ նոր նշանակումներ։

ԱՆՇԷՋ ԿԱՐՕՏԸ

Նահատակեալ լրագրողը մահուան տարելիցին առթիւ հերթական անգամ կը վերյիշուի բիւր յարգանքով:
«Ակօս» շաբաթաթերթի խմբագրատան նախկին շէնքին վրայ կը ցոլանայ հոգելոյս Հրանդ Տինքի դիմանկարը:

ԷՐՏՈՂԱՆ-ԱԼԻԵՒ ԶՐՈՅՑ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան շաբաթավերջին հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմին յաջորդած իրադրութեան մէջ երկու ղեկավարները շօշափեցին Թուրքիա-Ռուսաստան դիտարկման համատեղ կեդրոնի մօտալուտ գործունէութեան վերաբերեալ հարցեր։

«ԿԱՄՔ, ԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆ, ՍԷՐ» ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ

«Կամք, իմաստութիւն, սէր» խորագրով մէկ հարթակի մէջ կը ներկայացուին անուանի հայ արուեստագէտներու բացառիկ գործերը։ Այսպէս, Վարդգէս Սուրէնեանցի, Եղիշէ Թադէոսեանի, Յակոբ Կիւրճեանի, Գրիգոր Խանճեանի, Մինաս Աւետիսեանի, Սերկէյ Փարաճանովի եւ խումբ մը այլ անուանի հայ արուեստագէտներու աշխատանքներ, որոնց մէջ կը պատկերուի Յիսուս Քրիստոսի կերպարը, կը ներկայացուին «Կամք, իմաստութիւն, սէր» խորագրով ցուցահանդէսով:

Էջեր