ՀԱՐԵՒԱՆՆԵՐՈՎ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆ յայտարարեց, որ հարեւան երկիրներու հետ տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացումը կը համարուի իր երկրի տնտեսութեան զարգացման հիմնական գրաւականը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ճեւատ Զարիֆ Իրանի հարեւանները նկատեց արտածման առաջնային ուղղութիւններ։
Օգոստոսի 22-30 թուականներուն տեղի պիտի ունենայ ճատրակի համաշխարհային միջազգային առցանց ողիմպիականը, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն՝ 163 խումբեր:
Վեցամեայ սեւանցի երեխան խոհարարներու հանրապետական մրցոյթին դափնեկիր հանդիսացած է։ Հայաստանի Սեւան քաղաքի թիւ 6 դպրոցի աշակերտ, վեց տարեկան Մհեր Յարութիւնեան մրցանակակիր եղած է Գորիսի մէջ վերջերս կայացած հանրապետական խոհարարական մրցոյթին:
«Ֆրեսքօ» միջազգային փառատօնը Բերդ քաղաքին մէջ կը սկսի «Բերդ» պարային համոյթի համերգով։ Այսպէս, «Ֆրեսքօ» արդի արուեստի եւ հոգեւոր ժապաւէններու 7-րդ միջազգային փառատօնը Հայաստանի մէջ տեղի կ՚ունենայ օգոստոս 22-սեպտեմբեր 1 թուականներուն միջեւ։
Քայլարշաւ, ընտանեկան հանգիստ, արկածային զբօսաշրջութիւն․ ինչ կը նախընտրեն ներքին զբօսաշրջիկները։ Այսպէս, համավարակի պայմաններուն ներքեւ, երբ օդային հաղորդակցութիւնը սահմանափակ է, Հայաստանի բնակիչները իրենց հանգիստը կազմակերպելու համար կը նախընտրեն երթալ քայլարշաւներու կամ կը զբաղին արկածային զբօսաշրջութեամբ։
Հայաստանի Արջերու քարանձաւին մէջ պեղումներ կ՚իրականացուին․ գտածոները օգտագործուած են աւելի վաղ ժամանակներուն։ Այսպէս, Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամի (FPWC) նախաձեռնութեամբ սկսած են Վայոց Ձորի մարզէն ներս գտնուող Արջերու քարանձաւի հետախուզական հնագիտական պեղումները։
Ճաբոնի մայրաքաղաքը՝ Թոքիոյի մէջ շոգէն մահացած է 79 հոգի։ Թոքիոյի մէջ օգոստոսի սկիզբէն ի վեր աւելի քան 79 հոգի մահացած է սաստիկ տաք եղանակի ներգործութենէն:
Մարսէյլի մէջ, Ֆրանսա, կ՚արգիլեն քաղաքի լողափներուն ծխելը։ Այսպէս, Մարսէյլի իշխանութիւնները օգոստոսի 15-էն սկսեալ արգիլած են քաղաքի լողափներուն ծխելը:
Եւրոպայի մէջ նոր սահմանափակումներ կը սահմանուին։ Այսպէս, եւրոպական որոշ երկիրներու իշխանութիւնները կը փորձեն զսպել քորոնաժահրի տարածումը:
Էրտողան եւ Փութին առաջնահերթօրէն կանգ առին Լիպիոյ եւ Սուրիոյ տագնապներու ընթացքին վրայ: