Լրահոս

ՓՈՒԹԻՆԻ ՇԵՇՏԱԴՐՈՒՄՆԵՐԸ

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց, որ նախկին Խորհրդային Միութեան տարածքը կը համարէ Մոսկուայի արտաքին քաղաքականութեան գերակայ ուղղութիւններէն մին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Վլատիմիր Փութինի գլխաւորութեամբ վերջին օրերուն Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ Ռուսաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի ժողովը, որու ընթացքին քննարկուեցաւ աշխարհի ներկայ իրավիճակը՝ մասնաւորապէս, նախկին Խորհրդային Միութեան տարածքէն ներս։

ՓՈԹՈՐԻԿԸ ԽԼԵՑ ԵՐԵՔ ԶՈՀ

Զուիցերիոյ մէջ սպանացի երեք զբօսաշրջիկներ զոհուած են փոթորիկի ժամանակ։ Այսպէս, Զուիցերիոյ հիւսիսին գտնուող Փֆեֆերսի բնակավայրի մօտակայքին փոթորիկի ժամանակ զոհուած են սպանացի երեք զբօսաշրջիկներ, իսկ մէկը անհետ կորսուած է:

ԻՆՏՈՆԵԶԻԱՅԻ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐԸ ՓԱԿ՝ ՕՏԱՐ ԶԲՕՍԱՇՐՋԻԿՆԵՐՈՒ

Ինտոնեզիան մինչեւ 2020 թուականի վերջը սահմանները չի բանար զբօսաշրջիկներու առջեւ։ Այսպէս, Ինտոնեզիայի իշխանութիւնները օտարերկրացի զբօսաշրջիկներու համար չեն բանար սահմանները առնուազն մինչեւ տարեվերջ:

ՓԱՅՏԵԱՅ ՏԻԿՆԻԿՆԵՐ

Հայաստանի Կիւմրի քաղաքի զանազան հատուածներ կը զարդարուին փայտեայ տիկնիկներով։ Կիւմրեցիներն ու քաղաք այցելող հիւրերը Կիւմրիի զանազան հատուածներուն արդէն սկսած են ողջունել փայտէ տիկնիկներն ու գունեղ զարդարանքը:

ԻՆՔՆԱՏԻՊ ԲՆԱԿԱՐԱՆ

Շիքակոյի մէջ, Միացեալ Նահանգներ, վաճառուած է ինքնատիպ բնակարան մը։ Ան ուշադրութիւն կը գրաւէ իր 1 մեթր լայնութեամբ։ Բնակարանը կը գտնուի Շիքակոյի Տիըրֆիլըլտ բնակավայրին մէջ, որու բնակիչները զայն նմանցնելով կարկանդակի շերտի՝ անուանած են «կարկանդակ-տուն»։

ՔՈՃԱ ԽՕՍԵՑԱՒ ԾԱՆՐ ՍԱՀՄԱՆԱՓԱԿՈՒՄՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱԼՈՒ ՀԱՒԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Առողջապահութեան նախարարութեան առընթեր Գիտական խորհուրդը երէկ գումարեց ժողով մը։ Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճայի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ այս ժողովը, որու ընթացքին առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ եկան մօտալուտ վերամուտի վերաբերեալ հարցերը։

Էջեր