ՍԽԱԼ ՈՐՈՇՈ՞ՒՄ. «ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ» ԴԱՍԱՆԻՒԹԻ ՀԱՆՈՒԻԼԸ ՄԵԾ ՀԱՐՑԱԿԱՆՆԵՐ ՍՏԵՂԾԵՑ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ինչ խօսք, որ Հայաստանի Կրթութեան նախարարութեան մասնաւորապէս վերջին քննարկումները եւ նոյնիսկ «Հայ եկեղեցւոյ պատմութիւն» դասանիւթի դպրոցական դասացուցակէն հանուիլը բողոքի մեծ ալիք ստեղծեց Հայաստանի մէջ, սակայն ամենակարեւորը այն էր, որ այդ որոշումը կը տրուէր այն պահուն, երբ Հայաստանը կ՚ապրի բաւական դժուար օրեր։
Հայաստանի մէջ նախատեսուած կրթական բարեփոխումները խոր մտահոգութեան պատճառ դառնալու առընթեր ծնունդ տուին լուրջ հասարակական բանավէճի մը:
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի լարուածութեան վերջին կացութեան շուրջ թարմ տեղեկութիւններ:
Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան տնօրինութեամբ, Իշխանաց կղզիներու մէջ կը սկսի ելեկտրական ինքնաշարժներու օգտագործումը։ Ինչպէս ծանօթ է, երկար տարիներէ ի վեր կղզիներէ ներս կ՚օգտագործուէին ձիակառքերը։ Վերջին շրջաններուն հանրային կարծիքին մօտ զգայնութիւն յառաջացած էր անասուններու իրաւունքներու ոտնահարման ողբերգական դրսեւորումներուն շուրջ։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ աշխատանքային հանդիպում մը ունեցան Երեւանի մէջ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախագահական ապարանքին մէջ տեղի ունեցաւ տեսակցութիւնը։
Լիբանանահայութեան ծով կարիքներու դիմագրաւման նպաստելու համար աշխարհատարած աշխատանք:
Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա յայտնեց, որ Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրով վարակուածներու շարքին աւելցած են այն հիւանդները, որոնց կացութիւնը կը համարուի ծանր։
Մինչ համայն աշխարհ պայքար կը մղէ քորոնաժահրի համաճարակին դէմ, երէկ Մոսկուայէն հասած զգայացունց լուրերը լայն արձագանգ գտան այս առումով։ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց, որ քորոնաժահրի պատուաստանիւթը գտած են։
Ըստ Microsoft-ի հիմնադիր Պիլ Կէյցի, աշխարհ հազիւ երկուքուկէս տարիէն կը յաղթահարէ քորոնա համավարակը։ Այսպէս, Պիլ Կէյց պատմած է, թէ ե՛րբ աշխարհ կը յաղթահարէ քորոնաժահրը։
Աշխարհահռչակ Dior նորաձեւութեան տան ոսկերչական զարդերու գծով տնօրէն Վիքթորիա տը Քասթելէն ներկայացուցած է իր ամենաթարմ աշխատանքը՝ թանկարժէք զարդերու Tie & DIOR հաւաքածոն, որուն մէջ ներառուած նմոյշները կը շողան ծիածանի բոլոր գոյներով: