ԽՐԱԽՈՒՍԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐ
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ-AGBU) այս շրջանին հետամուտ եղած է հետաքրքրական ծրագրի մը՝ «Creative Armenia»ի հետ։ Այս երկու կառոյցները կը նախաձեռնեն «Creative Armenia-AGBU Fellowship» նախագծին, որու պարագային ներկայիս արդէն սկսած են դիմումներ ընդունուիլ 2021 թուականի համար։
«Թուրքիա սպառնալիքներու երբեք տեղի պիտի չտայ եւ պիտի շարունակէ պաշտպանել իր շահերը»:
Ռազմաարդիւնաբերութեան զարգացումը կառավարութեան ուշադրութեան առարկայ:
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ վիճակագրական տուեալներու ցոլացուցած պատկերը կը շարունակէ մտահոգիչ մնալ Թուրքիոյ տեսակէտէ։ Ըստ ընկերային ցանցերու միջոցաւ Առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ կատարուած հրապարակումներուն, երէկ Թուրքիոյ մէջ կատարուեցաւ 91 հազար 302 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 1482 նոր վարակեալ։
«Կիւմրիի օր» տօնակատարութեան շրջանակներէն ներս կը բացուի երեք կրթամշակութային կեդրոն։ Այսպէս, «Կիւմրիի օր» տօնակատարութեան շրջանակին մէջ՝ սեպտեմբերի 5-ին, քաղաքապետարանի շէնքէն ներս, բացումը կը կատարուի կրթամշակութային երեք կեդրոնի:
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեանն ու ներկայացուցչութեան խորհրդական Նաղաշ Յակոբեանը։
Բովանդակ Թուրքիոյ մէջ այս շաբաթավերջին կը նշուի օգոստոս 30-ի Մեծ յաղթանակի տօնը։ Հանրապետութեան հիմնադիր մեծն Աթաթիւրքի գլխաւորութեամբ 1922-ին տարուած Մեծ յաղթանակի 98-րդ տարեդարձին առթիւ տեղի կ՚ունենան տօնակատարութիւններ։
Հանրապետութեան նախագահը երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղարին հետ:
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ անցեալ ամիս պատահած մարտերու հերոսները երէկ պարգեւատրուեցան հանդիսաւոր արարողութիւնով մը։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ներկայութեամբ Սարտարապատի յուշահամալիրին մէջ տեղի ունեցաւ այս արարողութիւնը։