Լրահոս

1293 ՆՈՐ ՎԱՐԱԿԵԱԼ

Քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան հրապարակեց վերջին վիճակագրական տուեալները։ Այսպէս, Թուրքիոյ մէջ երէկ կատարուեցաւ 50 հազար 492 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 1293 նոր վարակեալ։

ՄԱՐԻԱՆՆԱ ԳԷՈՐԳԵԱՆ. «ՇՆՈՐՀԱԿԱԼ ԵՄ ԲՈԼՈՐ ԱՋԱԿԻՑՆԵՐՈՒՍ»

Ինչպէս ծանօթ է, քանոնահարուհի Մարիաննա Գէորգեան անցած է WORLD FOLK VISION հեղինակաւոր մրցոյթ-փառատօնի եզրափակիչ փուլ:
«Արմէնփրէս» գործակալութեան հաղորդմամբ, երաժիշտը ըսած է, որ շնորհակալ է բոլոր անոնց, որոնք առցանց հարթակի վրայ կատարուած քուէարկութեան սատարած են իրեն։

ԱՌՑԱՆՑ ՀԱՐԹԱԿԻ ՎՐԱՅ «ԹՈՍՔԱ»

Երեւանի Օփերայի թատրոնը առցանց կը ցուցադրէ Ճիաքոմօ Փուչչինիի «Թոսքա» ներկայացումը։ Այսպէս, իտալացի աշխարհահռչակ յօրինող Ճիաքոմօ Փուչչինիի «Թոսքա» օփերայի տեսաձայնագրութիւնը յուլիսի 1-ին կը ցուցադրուի «Ալեքսանդր Սպենդիարեան» օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի «Ֆէյսպուք»ի պաշտօնական էջին մէջ:

ԶԱՐՄԱՆԱԼԻ ԱՇԽԱՐՀ…

Աշխարհահռչակ ֆրանսական L՚Oreal ընկերութիւնը մտադիր է իր քսուքներու եւ բոլոր արտադրանքներու անուանումներէն ջնջել «սպիտակ», «բաց գոյնի» եւ «բացացնող» ածականները: Ընկերութիւնը իր պաշտօնական յայտարարութեան մէջ ըսած է, որ բազմաթիւ զանգուածային լրատուամիջոցներ շտապած են սպիտակը առընչել աշխարհի մէջ սեւամորթերու նկատմամբ ցեղապաշտութեան դէմ արշաւի ընթացքին հետ:

ՆՈՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ԶՈՀԵՐ

Bored Panda-ն ուշագրաւ լուսանկարներու շարքով ցոյց տուած է, թէ մարդիկ ինչպէ՞ս առցանց գնումներու «զոհ» կը դառնան։
Ներկայ աշխարհի մէջ համացանցը շատ կարեւոր նշանակութիւն ունի միլիոնաւոր մարդոց համար, որոնք բազմաթիւ հարցեր կը լուծեն համաշխարհային ցանցի օգնութեամբ:

ՏՈՒՐՄԸ ԵՒ ԳԻՆԻՆ

Ըստ գիտնականներու, կարմիր գինին եւ տուրմը կրնան կանխել ծերացումը։ Այսպէս, կարմիր գինին եւ մուգ տուրմը ունին անհամար օգուտներ ռեսվերաթրոլ կոչուած բնական քիմիական նիւթի շնորհիւ:

ԶՕՀՐԱՊ ՄՆԱՑԱԿԱՆԵԱՆ ԵՒ ԷԼՄԱՐ ՄԱՄԵՏԵԱՐՈՎ ԱՅՍՕՐ ՀԵՌԱՎԱՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ Կ՚ՈՒՆԵՆԱՆ՝ ԵԱՀԿ-Ի ՄԻՆՍՔԵԱՆ ԽՄԲԱԿԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐՈՒ ՄԻՋՆՈՐԴՈՒԹԵԱՄԲ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով այսօր կ՚ունենան տեսաքոնֆերանս մը՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու միջնորդութեամբ եւ մասնակցութեամբ։

Էջեր