Լրահոս

ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ԵՒ ԱԼԻԵՒԻ ԱՆՊԱՇՏՕՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ ԿԸ ԴԻՒՐԱՑՆԵՆ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի՝ բանակցութիւններու սեղանի շուրջ վերադառնալը գործնական խնդիր մը կը համարէ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, «Եռաբլուր» նահատակաց պանթէոնին մէջ Զօհրապ Մնացականեան երէկ զրուցեց զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։

ՎԼԱՏԻՄԻՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ ԲԱՆԲԵՐ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի բանբեր նշանակուեցաւ Վլատիմիր Կարապետեան։ Քանի մը օրէ ի վեր Երեւանի աղբիւրները հաղորդումներ կը կատարէին այս մասին ու վերջապէս Վլատիմիր Կարապետեան այս առաւօտեան ժամերուն յստակօրէն հաստատեց վերոյիշեալ հաղորդումները։

ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԳԵՐՄԱՆԻԱ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը պատրաստուի այցելել Պերլին։ Այսպէս, ան յառաջիկայ ուրբաթ՝ փետրուարի 1-ին, պիտի հիւրընկալուի Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլի կողմէ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Գերմանիոյ կառավարութեան բանբեր Շթեֆան Զայպերտի կողմէ հրապարակուեցան համապատասխան լուրերը, որոնց արձագանգ հանդիսացաւ նաեւ Երեւանի մօտ Գերմանիոյ դեսպանութիւնը։

«ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԿՐՆԱՅ ՄՐՑՈՒՆԱԿ ԸԼԼԱԼ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈԼՈՐՏԻՆ ՄԷՋ»

Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայէն ներս շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ գիտաժողով մը։ Իտալիոյ Ազգային հետազօտական խորհուրդի դէպի Երեւան այցելութեան շրջանակներէն ներս կազմակերպուած էր այս գիտաժողովը, որու բացման Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան հանդէս եկաւ ելոյթով մը։

ՑԱՒԱԼԻ ԿՈՐՈՒՍՏ

Ֆրանսահայ մեծանուն երաժիշտը 87 տարեկան հասակին մահացաւ՝ խոր ցաւ ստեղծելով հայաշխարհէ ներս:
Միշել Լըկրանի մահուան առթիւ Հայաստանի պետական աւագանին եւ Վեհափառ Հայրապետը հրապարակեցին ցաւակցականներ:

ՌՈՒՄԱՆԱՀԱՅՈՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ ներկայիս Ռումանահայոց միութիւնը կը նշէ իր հիմնադրութեան 100-ամեայ յոբելեանը։ Եւրոպահայ կեանքի տեսակէտէ յատկանշական տարեդարձ մըն է այս մէկը։ Անցեալ շաբաթավերջին Պուքրէշի մէջ նշուեցաւ Ռումանահայոց միութեան յոբելեանը։

ՔԱՆԻ ՄԸ ԱՄԻՍ

«Եթէ Սուրիայէ ներս անվտանգ գօտիի մասին խոստումները չյարգուին, ապա մենք պիտի ձեւաւորենք զայն»:
Նախագահ Էրտողան տարածքաշրջանի իրադարձութիւնները որակեց Թուրքիան պաշարելու ուղղեալ նախաձեռնութիւններ:

Էջեր