ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԷՋ ՓԱՅԼՈՒՆ ՀԱՆԴԷՍ
Երուսաղէմի մէջ Ժառանգաւորաց վարժարանի եւ Ընծայարանի ամավերջի հանդէսը վերջերս տեղի ունեցաւ՝ առիթ դառնալով մեծ խանդավառութեան։ Քորոնաժահրի համաճարակի ներկայ ժամանակաշրջանին այս հանդիսութիւնը վերածուեցաւ գործօնի մը, որով սաղիմահայութեան տրամադրութիւնը բարձրացաւ։
Թուրքիա եւ Իտալիա կ՚աշխատին Լիպիոյ մէջ մշտական խաղաղութեան համար:
Հայաստանի եւ Արցախի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդներու համատեղ նիստը՝ Երեւանի մէջ:
Երէկ, Երեւանի Ընդհանուր իրաւասութեան ատեանի Շէնգաւիթի մասնաճիւղէն ներս շարունակուեցաւ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանի վերաբերեալ դատավարութիւնը։ Սա անոր խափանման միջոցը յստակեցնելու ուղղեալ քննութիւն մըն է։
Նիկոլ Փաշինեան. «30 տարի կոչ ըրած են պայքարիլ փտածութեան դէմ, իսկ հիմա որ այդ պայքարը կ՚ընթանայ՝ կը յորդորեն ընդդիմութեան չճնշել»:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Յայտնի դիւանագէտ Վոլքան Պոզքըր ՄԱԿ-է ներս կատարուած ընտրութեան արդիւնքով քուէներու ջախջախիչ մեծամասնութիւնը ապահովելով՝ ընտրուեցաւ Ընդհանուր ժողովի նախագահ։ Այսպէսով առաջին անգամ Թուրքիայէն ներկայացուցիչ մը պիտի նախագահէ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին։
Վաղը Թուրքիոյ բոլոր քաղաքներուն մէջ փողոց դուրս գալու սահմանափակում պիտի գործադրուի՝ լիսէներու մտից քննութեան բերումով։ Այսպէս, ժամը 09.00-15.00-ին պիտի գործադրուի սահմանափակումը, թէեւ սննդամթերքի խանութները բաց պիտի ըլլան։
Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ արձագանգեց վերջին օրերուն Անգարայի մէջ տեղի ունեցած ժողովին՝ 1915 թուականի դէպքերուն վերաբերեալ։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ կատարուած խորհրդակցութեան կապակցութեամբ պաշտօնական աղբիւրները սահմանափակ հաղորդումներ կատարած էին։