ՓՈԽԱՆ ՀԱՆՐԱՔՈՒԷԻ
Հայաստանի Ազգային ժողովը հաւանութիւն տուաւ Սահմանադրութեան փոփոխութիւններուն:
Խորհրդարանէ ներս 89 պատգամաւորի ձայնով իրաւական կարեւոր տնօրինութիւն Սահմանադրական ատեանի համար:
Հայաստանի Ազգային ժողովը հաւանութիւն տուաւ Սահմանադրութեան փոփոխութիւններուն:
Խորհրդարանէ ներս 89 պատգամաւորի ձայնով իրաւական կարեւոր տնօրինութիւն Սահմանադրական ատեանի համար:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան այսօր կը նշէ իր ծննդեան տարեդարձը։ Հայաշխարհէն բազում յառաջատար դէմքեր շնորհաւորութիւններ կը յղեն Արմէն Սարգսեանին, որու նկատմամբ արտայայտելով իրենց համակրանքը եւ բարեմաղթանքը։

Քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ Առողջապահութեան նախարարութիւնը հրապարակեց Թուրքիոյ վերաբերեալ վերջին վիճակագրական տուեալները։ Այսպէս, երէկ Թուրքիոյ մէջ կատարուեցաւ 41 հազար 413 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 1212 նոր վարակեալ։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Պէյրութի մէջ իր մահկանացուն կնքած է սփիւռքահայ երէց սերունդի ամենախորհրդանշական դէմքերէն Մարօ Գանտահարեան։ Վաստակաշատ կրթական մշակ Մարօ Գանտահարեան տասնամեակներ շարունակ մեծ նուիրումով ծառայած է՝ որպէս մանկավարժ։
«Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեան պիտի դատուի ազատութեան մէջ:
Երեւանի Ընդհանուր իրաւասութեան ատեանի Շէնգաւիթի մասնաճիւղէն ներս երէկ հրապարակուեցաւ որոշումը:
Քորոնաժահրի համաճարակի շրջանը հայկական սփիւռքի կրթական համակարգին առջեւ յարուցած է բազմաթիւ հարցեր։ Մէկ կողմէ բոլորին համար ի զօրու՝ առանց հարթ անցում մը կազմակերպելու ժամանակ ունենալու հեռավար ուսուցման հաստատուիլը, իսկ միւս կողմէ՝ սփիւռքեան դպրոցներու դիմագրաւած ծանր նիւթական դժուարութիւնները…
Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան ժամերուն հրապարակեց քորոնաժահրի համաճարակի վերաբերեալ վիճակագրական վերջին տուեալները։ Այսպէս, երէկ Թուրքիոյ մէջ կատարուեցաւ 40 հազար 496 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 1192 նոր վարակեալ։
ԵՄ-ի Արեւելեան գործընկերութեան՝ տեսաքոնֆերանսի ձեւաչափով գագաթաժողովը:
Նիկոլ Փաշինեան յստակօրէն պատասխանեց Իլհամ Ալիեւի յայտարարութեան խեղաթիւրումներուն:
Երուսաղէմի մէջ Ժառանգաւորաց վարժարանի եւ Ընծայարանի ամավերջի հանդէսը վերջերս տեղի ունեցաւ՝ առիթ դառնալով մեծ խանդավառութեան։ Քորոնաժահրի համաճարակի ներկայ ժամանակաշրջանին այս հանդիսութիւնը վերածուեցաւ գործօնի մը, որով սաղիմահայութեան տրամադրութիւնը բարձրացաւ։
Թուրքիա եւ Իտալիա կ՚աշխատին Լիպիոյ մէջ մշտական խաղաղութեան համար:
Չավուշօղլու եւ Տի Մայիօ անդրադարձան Արեւելեան Միջերկրականի իրադարձութիւններուն: