ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԸ ԹԱՓՈՎ ԿԵԱՆՔԻ ԿԸ ԿՈՉԷ ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾՐԱԳՐԵՐ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմը թափով կեանքի կը կոչէ հրատարակչական ծրագրեր։ Ներկայ տարուան տեւողութեան Արեւմտեան թեմը ընթերցողներու տրամադրութեան տակ դրած է կարեւոր գիրքեր։
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի գլխաւորութեամբ, նախարարաց խորհուրդը երէկ ժողով մը գումարեց մայրաքաղաք Անգարայի մէջ:
Քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ կայունացման ուղղութեամբ յոյսեր՝ Հայաստանէ ներս:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը պատրաստուի այցելել Մոսկուա, ուր պիտի մասնակցի Բ. Աշխարհամարտի աւարտի 75-ամեակին ձօնուած յոբելենական զօրահանդէսին։
Հայաստանի նախկին երեսփոխաններէն, Երկրապահ կամաւորներու միութեան նախկին բազմամեայ նախագահ զօրավար Մանուէլ Գրիգորեանի առողջական վիճակը ծանրացած է ծայրայեղօրէն։ Մանուէլ Գրիգորեան Հայաստանի իշխանափոխութենէն վերջ ձերբակալուած էր շատ աղմկարար ձեւով։
Երեք ամիս տեւած հրադադարէն վերջ քաղաքային մը մահացաւ, կան վիրաւորներ:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ երէկ յուղարկաւորուեցաւ Ճորճ Ֆլոյտ, որ վերջին օրերուն զոհ գացած էր ոստիկանի մը բռնութեան։ Ոստիկանին կողմէ իր վզի ու կոկորդի հատուածին ծունկով գործադրուած սաստիկ ճնշման հետեւանքով շնչասպառ մնացած եւ մահացած էր Ճորճ Ֆլոյտ եւ այս դէպքը ԱՄՆ-ի մէջ ծնունդ տուած է համատարած բողոքի ալիքի մը։
Թոքիոյի ամառնային ողիմպիականի խաղերուն կայացման կամ չկայացման գծով վերջնական որոշում պիտի տրուի 2021 թուականի գարնան, այս գծով յայտնեց ճաբոնական «Kyodo» գործակալութիւնը: Ամէն ինչ կախեալ պիտի ըլլայ քորոնաժահրին ո՛ր հանգրուանը հասնելուն: