ԼՈՒՐՋ ՅՈՒՍԱԽԱԲՈՒԹԻՒՆ
Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան շրջաբերականը մտահոգութեան պատճառ:
RUMVADER խորհրդակցութիւն մը կազմակերպեց՝ ընդգծելով ընտրութեան անհրաժեշտութիւնը:
Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան շրջաբերականը մտահոգութեան պատճառ:
RUMVADER խորհրդակցութիւն մը կազմակերպեց՝ ընդգծելով ընտրութեան անհրաժեշտութիւնը:
Լոս Անճելըսէն նախկին պոլսահայ յայտնի բարերար ու համայնքային գործիչը ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատան մէջ:
Սարօ Մարուքեան անդրադարձաւ ամերիկահայ կեանքի մարտահրաւէրներուն եւ քաղաքիս վերաբերեալ դիտարկումներուն:
Հայաստանի Հանրային հեռուստառատիօընկերութեան խորհուրդի նախագահ ընտրուեցաւ յայտնի արուեստագէտ ու հասարակական գործիչ Արա Շիրինեան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հեռուստատեսութեան եւ ռատիոյի յանձնաժողովին կողմէ այս պաշտօնին համար կազմակերպուեցաւ մրցոյթ մը։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Եթովպիա։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, նախատեսուած են Մնացականեանի հանդիպումները Եթովպիայի նախագահ Սահլէ-Որկ Զեւտէի, Արտաքին գործոց պետական նախարար Թեքլէ Ռիքէի, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ պաշտօնատարներու հետ։
Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու յարաբերութիւններուն միջեւ հետզհետէ տագնապի մը կը վերածուի Ս-400 հրթիռային համակարգերու խնդիրը։ Ինչպէս ծանօթ է, Թուրքիա երկար ժամանակէ ի վեր որոշած է ռուսական այդ հակաօդային պաշտպանական համակարգը ձեռք բերել, իսկ ամերիկեան կողմը այս ուղղութեամբ յամառօրէն վերապահութիւն կը դրսեւորէ՝ պատճառաբանելով ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան պարագան։
Մեր համայնքի յայտնի ակադեմականներէն Սօսի Անթիքաճեանի յուշերու գիրքին շուրջ անցեալ շաբթուան մէջ ասուլիս մը տեղի ունեցաւ Պողազիչի համալսարանէն ներս։ Սօսի Անթիքաճեան արդէն շուրջ 37 տարիէ ի վեր կը դասախօսէ նոյն համալսարանի Արեւմտեան լեզուներու եւ գրականութիւններու բաժնէն ներս։
Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթին մէջ կը կարդանք.-
Միլիառներու ներդրումներով գրաւուած ապահովագրութեան շուկայ մուտք գործելու յանդգնութիւնը բոլորին տրուած չէ, նա՛մանաւանդ «փոքր»երուն, փոքր ձեռնարկութիւններուն։
Ս. Զատկի ընդառաջ քաղաքիս մէջ բարեգործական ցուցահանդէս մը կը կազմակերպուի կամաւորներու նախաձեռնութեամբ՝ նպաստելու համար օթիսթիք մանուկներու:
Հայաստանի «Իմ ուղին» մասնագիտական կեդրոնին աջակցութիւն կը ցուցաբերուի՝ յայտնի նկարիչներու ստեղծագործութիւններու վաճառքի հասոյթի տրամադրումով:
Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղեալ գործընթացէն ներս կազմակերպուած Վիեննայի վերջին բանակցութիւններու լոյսին տակ:
Նիկոլ Փաշինեան Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպելէ վերջ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Արցախի եւ Ռուսաստանի նախագահներուն՝ Բակօ Սահակեանի եւ Վլատիմիր Փութինի հետ:
Շաբաթավերջին տեղի ունեցած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութեան արդիւնքը կը շարունակէ բնորոշել Թուրքիոյ օրակարգը։ Այս ծիրին մէջ ամբողջ հանրային կարծիքին ուշադրութիւնը կեդրոնացած է Իսթանպուլի քաղաքապետի ընտրութեան վրայ։