ՅԱՌԱՋԸՆԹԱՑԻ ՍՊԱՍՈՒՄ
Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարը Մոսկուայի մէջ մամլոյ ասուլիս մը սարքեց՝ ամփոփելով անցեալ դիւանագիտական տարին:
Սերկէյ Լաւրով 2019 թուականի համար ընդհանրապէս լաւատես ակնկալութիւններ ունի Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործթացին շուրջ:

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները՝ Մնացականեան եւ Մամետեարով երէկ հանդիպում մը ունեցան Փարիզի մէջ:
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեան երէկ հիւրընկալեց քաղաքի նորընտիր քաղաքապետ Մոշէ Լիոնը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Երուսաղէմի նորընտիր քաղաքապետ Մոշէ Լիոն այցելեց Հայոց Պատրիարքարան, ուր արժանացաւ ջերմ ընդունելութեան։
Արմէն Սարգսեան. «Կ՚ապրինք դարու մը մէջ, երբ նորարարութիւնները կը կառավարեն աշխարհը»:
Անգլիոյ խորհրդարանէն ներս երէկ վստահութեան քուէարկութիւն տեղի ունեցաւ՝ վարչապետ Թերեզա Մէյի կողմէ գլխաւորուած կառավարութեան համար։ Արդիւնքին, Թերեզա Մէյ ստացաւ խորհրդարանի վստահութեան քուէն։
Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ) 33-րդ ընդհանուր ժողովը այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ Արցախի մէջ։ Կուսակցութեան ղեկավար կազմին մէջ փոփոխութիւններ կը նախատեսուին այս ընդհանուր ժողովով՝ հաշուի առնելով, որ Հայաստանի ներքին քաղաքական վերջին իրադարձութիւններուն ժամանակ որդեգրած դիրքորոշման բերումով ՀՅԴ կը դիմագրաւէ դժուարութիւններ։