ՀԱԿԱՍՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՍՊԱՍՈՒՄ
Նախագահներ Էրտողանի եւ Թրամփի միջեւ գոյացած համաձայնութիւնով հանդերձ, ամերիկեան վարչախումբէն կը բարձրանան տարբեր ձայներ:
ԱՄՆ-ի ազգային անվտանգութեան խորհրդական Ճոն Պոլթըն երէկ այցելեց Անգարա: Ուաշինկթըն յստակ ժամանակացոյց մը չունի Սուրիայէն դուրս գալու համար:
Փոքրամասնութիւններու հոգեւոր առաջնորդները երէկ այցելեցին Պատրիարքարան:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ներկայ տարեմուտին հանդէս եկաւ ուշագրաւ պատգամով մը։ Տօնական շրջանի դադարէն վերջ Հայաստանի մէջ կը սկսի աշխատանքային կեանքը։
Սուրիոյ խորհրդարանի հայազգի երեսփոխան Ժիրայր Ռէիսեան յայտարարեց, որ երկրի հայ համայնքը այս տարի լայն թափով պիտի իրականացնէ ազգային կառոյցներու վերականգնման աշխատանքը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ռէիսեան մատնանշեց, որ անցեալ տարի ալ այս ուղղութեամբ զգալի աշխատանք իրականացուած էր, ինչ որ աշխուժօրէն պիտի շարունակուի ներկայ տարուան տեւողութեան։
Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին թափ տալու համար ջանքեր:
Ուքրայնոյ Արտաքին գործոց նախարար Փաւել Քլիմքին յայտարարեց, որ իր երկիրը յառաջիկայ տարիներուն Եւրոմիութեան կամ ՆԱԹՕ-ին անդամակցելու հեռանկար չունի։ «Ուքրայնա այսօրուան վիճակով ո՛չ մէկ, ո՛չ երկու, ոչ ալ հինգ տարուան ընթացքին մաս չի կազմեր Եւրոմիութեան կամ ՆԱԹՕ-ին», յայտարարեց նախարարը երկրի պաշտօնական հեռուստակայանէն։
Հանրապետութեան նախագահը յօդուած մը գրի առաւ The New York Times հեղինակաւոր թերթին մէջ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Պինալի Եըլտըրըմ. «Եթէ վախեր ունենայի, ապա թեկնածու չէի ըլլար քաղաքապետի պաշտօնին համար»:
Շիշլիի նախկին քաղաքապետը դարձեալ թեկնածու է յառաջիկայ մարտի տեղական ընտրութիւններուն: