ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ՝ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄՕՏ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԴԵՍՊԱՆԻՆ
Աստուածաշունչի ընկերութեան Արաբական ծոցի տարածքաշրջանի ընդհանուր քարտուղարը՝ Տքթ. Հրայր Ճէպէճեան, վերջերս, այցելութիւն մը տուաւ Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ դեսպան Վահագն Աթաբէկեանին։ Տքթ. Ճէպէճեան շնորհաւորեց դեսպանլ Աթաբէկեանը իր նշանակումին համար։
Արեւմտեան Եւրոպայի նորանշանակ Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Սուրբ Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ առաջին մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեան ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին բացառիկ հարցազրոյց մը տուաւ Հռոմի մէջ՝ բացատրելով իր առաքելութեան առաջնահերթութիւնները եւ մանրամասնօրէն մեկնաբանելով առկայ համայնապատկերը. «Կառոյցները պէտք է գործեն ընդհանրական մօտեցումներով»:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ զգայացունց յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ Թուրքիոյ մասին։ Ան յայտնեց, որ եթէ Թուրքիա հարուած հասցնէ Սուրիոյ քիւրտերուն, ապա ԱՄՆ տնտեսական փլուզում մը պիտի պատճառէ անոր։
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը շնորհաւորեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի պաշտօնէութիւնը:
Փարիզի մէջ եզակի խարիսխ մը՝ հայկական ստեղծագործական պտուղներուն հաղորդ դառնալու համար:
Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան երէկուան նիստին ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ Սփիւռքի նախարարութեան ապագան:
Երեւանի Օփերայի երդիքին տակ երէկ ընտրողները յանձնեցին պատգամաւորներու վկայականները:
Getty Research Institute-ը թուայնացուցած է Օսմանեան ժամանակաշրջանի աւելի քան վեց հազար լուսանկարներ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս հաւաքածոն կ՚ընդգրկէ պատմական նշանակութեամբ ճարտարապետական կոթողներու, քաղաքային եւ գիւղական տեսարաններու, հնավայրերու լուսանկարներ եւ այլ փաստաթուղթեր։