ՄԱԿԱՐԴԱԿԻ ԲԱՐՁՐԱՑՈՒՄ
Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան երէկուան նիստին ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ Սփիւռքի նախարարութեան ապագան:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան. «Թիւր տպաւորութիւններ կան։ Լուծումները պէտք է ապացուցանեն իրենց կենսունակութիւնը եւ պէտք է գոհացուցիչ ըլլան պետական կառավարման արդիւնաւէտութեան աւելցուելուն կողմնակից մարդոց համար, որոնք հետամուտ են համապատասխան խնդիրներու»:
Երեւանի Օփերայի երդիքին տակ երէկ ընտրողները յանձնեցին պատգամաւորներու վկայականները:
Getty Research Institute-ը թուայնացուցած է Օսմանեան ժամանակաշրջանի աւելի քան վեց հազար լուսանկարներ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս հաւաքածոն կ՚ընդգրկէ պատմական նշանակութեամբ ճարտարապետական կոթողներու, քաղաքային եւ գիւղական տեսարաններու, հնավայրերու լուսանկարներ եւ այլ փաստաթուղթեր։
Նախագահներ Էրտողանի եւ Թրամփի միջեւ գոյացած համաձայնութիւնով հանդերձ, ամերիկեան վարչախումբէն կը բարձրանան տարբեր ձայներ:
Փոքրամասնութիւններու հոգեւոր առաջնորդները երէկ այցելեցին Պատրիարքարան:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ներկայ տարեմուտին հանդէս եկաւ ուշագրաւ պատգամով մը։ Տօնական շրջանի դադարէն վերջ Հայաստանի մէջ կը սկսի աշխատանքային կեանքը։
Սուրիոյ խորհրդարանի հայազգի երեսփոխան Ժիրայր Ռէիսեան յայտարարեց, որ երկրի հայ համայնքը այս տարի լայն թափով պիտի իրականացնէ ազգային կառոյցներու վերականգնման աշխատանքը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ռէիսեան մատնանշեց, որ անցեալ տարի ալ այս ուղղութեամբ զգալի աշխատանք իրականացուած էր, ինչ որ աշխուժօրէն պիտի շարունակուի ներկայ տարուան տեւողութեան։