ՄՏԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ, ՎԱՐՔԵՐ ԵՒ ԺԱՄԱՆԱԿԻ ԵՐԵՒՈՅԹԸ
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Գիտե՞նք արդեօք, թէ մեզ ի՛նչ կ՚ուրախացնէ եւ ի՛նչ կը տխրեցնէ։ Ի՞նչ յուզական վիճակներու ծանօթ ենք: Կրնա՞նք զայրանալ մէկու մը, որ չենք ճանչնար։ Ինչո՞ւ մեր նոր հանդիպած մարդու մը սովորական թուացող պահուածքը մեզ կ՚անհանգստացնէ: