«ԿՏՈՐ ՄԸ ՀԱՅՐԵՆԻՔ»
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Գրադարանիս մէջ տեղ գտած անլեզու բայց մշտաբարբառ ոսկեղնիկ գիրքեր զիս անդադրում կը կանչեն ըսելով. «Կարդա՛ մեզ։ Ըմբոշխնէ՛ մեր աստուածապարգեւ հայ լեզուն։ Հարստացո՛ւր հոգեիմացական աշխարհդ անանց արժէքներով։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Գրադարանիս մէջ տեղ գտած անլեզու բայց մշտաբարբառ ոսկեղնիկ գիրքեր զիս անդադրում կը կանչեն ըսելով. «Կարդա՛ մեզ։ Ըմբոշխնէ՛ մեր աստուածապարգեւ հայ լեզուն։ Հարստացո՛ւր հոգեիմացական աշխարհդ անանց արժէքներով։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
-Բարեւ Ենովք, ես Հայաստան կ՚իջնեմ: Յուսամ հոն կը հանդիպինք: Բաւական տուներ գտած եմ, ցոյց կու տամ քեզի. իմ տանս մօտ են, ընդարձակ տարածութիւններ ունին, կառոյցը փլատակ է, աւելի լաւ, գոնէ դուն կը նորոգես ուզածիդ պէս, OK՞:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Քաթար-Սէուտական Արաբիա տագնապը կը շարունակուի: Հակառակ անոր, որ տագնապի սկիզբէն ի վեր կատարուեցան հաշտեցման մի քանի միջնորդութիւններ, սակայն երեւելի է, որ կողմերէն ոչ մէկը կը պատրաստուի զիջումներու:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երէկ, 18 Սեպտեմբերին, Երեւանի «Կարէն Տեմիրճեան» մարզահամերգային համալիրին մէջ ընթացք առաւ Հայաստան-Սփիւռք համաժողովը:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ահա՛, այսօր կրկին վերամուտ է։
Ամրան արձակուրդը վերջանալէ յետոյ անմիջապէս կը սկսի վերամուտի խանդավառութիւնը, յուզումը, ինչպէս նաեւ մտահոգութիւնները։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հակառակ անոր, որ Սուրիոյ պատերազմը իր աւարտին չէ հասած տակաւին, միջազգային լրատուական աղբիւրներ սկսած են լուրեր տարածել այդ երկրի վերաշինութեան մասին: Միջին Արեւելքի զարգացումներուն հետեւող լրագրողներուն համար ալ բաւական աշխոյժ քննարկման նիւթ սկսած է դառնալ, թէ ո՛ր պետութիւնները կարեւոր բաժին պիտի ունենան այդ ծանրօրէն «վիրաւոր» երկրի վերակառուցման գործըթացին։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Բոլիքլինիքայի մը սպասման սրահին մէջ երկու սփիւռքահայեր, որոնք հաւանաբար նոյն շրջանը կը բնակին, կը հանդիպին իրարու: Աստուած մի արասցէ, երբ մէկը անհանգստանայ, շատ երկար ժամեր պիտի վատնէ այս սպասման սրահներուն մէջ, մանաւանդ անոնք, որոնք նիւթապէս անկարող են անձնական բժիշկներու դիմելու:
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Ժպիտը զգացողութեան մը արդիւնքն է եւ փոքրիկ մասնիկ մը դէմքիդ վրայ, որ ո՛չ միայն քեզ գերերջանկութիւն, հոգիիդ խաղաղութիւն կ՚առթէ, այլ քեզմէ դուրս կ՚արտացոլայ ու կը ճառագայթէ՝ շրջապատդ ուրախացնելով եւ հաճելի, սիրալիր մթնոլորտ մը ստեղծելով։ Ժպիտը բազմաթիւ շարժառիթներ ունի, որոնցմէ ամենահեշտը եւ ձեռքբերելին՝ շնորհակալութիւն բառն է։
ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նիւ Եորք քաղաքի երկնասլաց առեւտրական կեդրոնի երկու շէնքերուն վրայ կատարուած 2001 թուականի յարձակումէն ետք, Միացեալ Նահանգներու պետութիւնը Աֆղանիստանէն պահանջեց Ուսամա Պըն Լատէնի յանձնումը, որ ապաստանած էր այնտեղ, զինք ամբաստանելով այդ ահաբեկչութեան գործով: Աֆղանիստանի դժկամանքին կամ անկարողութեան հետեւանքով, Միացեալ Նահանգներ պատերազմ հռչակեց Աֆղանիստանի դէմ, ստեղծուած անակնկալ պարագայ մը, ուր Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը պարտաւոր չէր Գոնկրէսին հաւանութիւնը ունենալու:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Քաղաքական բաւական ձանձրացուցիչ ամառ մը բոլորելէ ետք այսօր պարզ կը դառնայ, որ գործող քաղաքական ուժերը (խօսքը յատկապէս ընդդիմադիր դաշտին մասին է) կը փորձեն իրենց «թեւերը սոթտել» եւ պատրաստուիլ նոր փուլի: Հայաստանի մէջ գրեթէ «աւանդութիւն» սկսած է դառնալ, որ իւրաքանչիւր տարուան աշնանամուտին հայաստանցի ժողովուրդը ապրի «թէժ աշուն» մը ունենալու յոյսերով: