ԻԿՆԱՍԻՕ ԲԱԼԱՍԱՆԵԱՆ. «ՄԵԾԱՊԷՍ ՏՊԱՒՈՐՈՒԱԾ ԵՄ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՄԲ»
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հարցումներուն կը պատասխանէ արժանթինահայ գործարար եւ հասարակական գործիչ Իկնասիօ Բալասանեան:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հարցումներուն կը պատասխանէ արժանթինահայ գործարար եւ հասարակական գործիչ Իկնասիօ Բալասանեան:
ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
«Ազատ նիւթ: Ձեր նախընտրած նիւթի մասին գրեցէք», ըսաւ մեր հայերէնի ուսուցիչը՝ Մ. Իշխան:
Դիւրին չեղաւ նիւթ մը ընտրելը: Այդ օր այն փորձառութիւնը ունեցայ, որ գրութեան մը ամենադժուար մասը հետաքրքրական նիւթի մը ընտրութիւնն է:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լիբանանի կառավարութեան 9 Օգոստոսի նիստի աւարտին վարչապետ Սաատ Հարիրի լռութեամբ «կ՚արտայայտէր» իր անհանգստութիւնը: Վարչապետ Հարիրիի ղեկավարած կառավարութիւնը, որ ինն ամսուան կեանք ունի, առաջին անգամն էր, որ քննարկման սեղանին կը դնէր Սուրիոյ հետ յարաբերութեան խնդիրը:
ՏՔԹ. ԱՐՇԱՒԻՐ ԿԷՕՆՃԵԱՆ
Վստահ եմ թէ այս կոչ-վերնագիրը զարմանք չի պատճառեր եւ անակնկալ մը չէ հայ կեանքի առօրեայ բանավէճերուն հետեւող ընթերցողներուն համար, ըլլան անոնք Սփիւռքի թէ Հայաստանի մէջ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Սուրիական տագնապի զարգացումներուն մօտէն հետեւողներուն համար յստակ ու երեւելի է, որ տակաւին մօտիկ անցեալին պատերազմական թէժ ճակատներ հանդիսացած տասնեակ շրջաններ սկսած են համաձայնութեան թատերաբեմ դառնալ: Երկրին մէջ օր ըստ օրէ ընթլայնող այդ համաձայնութեան կէտերը Սուրիան կը դնեն նոր փուլի մը մէջ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութիւնը յատուկ նշականակութիւն ունեցաւ յատկապէս «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորումէն Իրաքի զանազան քաղաքներու մաքրագործումէն ու յատկապէս Մուսուլ քաղաքի ազատագրումէն ետք: Այդ հանգրուանին էր նաեւ, որ շուրջ հարիւր հայ ընտանիքներ գաղթականի կարգավիճակով կը հասնէին Հիւսիսային Իրաքի տարբեր քաղաքները. ինչպէս՝ Էրպիլ, Զախօ, Հաւրեսք եւ Աւզրուք:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Բարեկամուհիներով համախմբուած կը զրուցեն Աստղիկենց տան մէջ: Տարիներու մտերմութիւնը զիրենք հաւաքած է այս անգամ Երեւանի մէջ: Զուարթախոհ ու հումորով լի յուշեր կը թեւածեն, որոնք կը քաղցրանան ժպիտներով ու քահքահներով:
ՀԱՄԲԻԿ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
Սեղանիս վրայ է իմ թանկագին բարեկամ Ռոմէն Կոզմոյեանի «Իմ կեանքի հաւատամքը» անուն գիրքը, որուն արտաքին տեսքը առաջին իսկ րոպէէն ընթերցողին վրայ կը ձգէ դարերէն հասած մագաղաթի տպաւորութիւն, իսկ հազիւ բանաս ու կը սկսիս ընթերցել զայն, կը թաղուիս մտածումներու խորը, որովհետեւ քեզ կ՚առինքնէ գիրքին բովանդակութիւնը իր բազմատեսականիութեամբ, եւ որ իր մէջ ունի տասնամեակներէն հասած, ապրուած եւ կեանքէն փրցուած քաղցր ու ցաւոտ յիշողութիւններ, ուր շատ մը էջերու մէջ դէմքեր ու դէպքեր արդէն կը պատկանին «անցեալ կատարեալ»ին:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան կը գտնուէր ամերիկահայ յայտնի երգչուհի Թալին: Ան մանկական երգերու մեկնաբան է ու հանդէս եկած է տասնեակ համերգներով: Թալին իր երգերը վերածած է «վիտէօ քլիփ»ներու եւ այդ երգերուն շնորհիւ այսօր կը հանդիսանայ մանկական երգերու ամենայայտնի մեկնաբաններէն մին:
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Երեւի հայ «ըլլալու» եւ «մնալու» հրամայականը քիչ մը ամէն տեղ ինքզինք զգալի կը դարձնէ աշխարհի ամբողջ տարածքին: Աւստրալիոյ Սիտնի քաղաքը բացառութիւն պիտի չկազմէ: Եթէ քաղաքին գեղեցկութիւնը կը զգլխէ ու կ՚անցնի ամէն երեւակայութիւն, կը սքանչանաս եւ երեւի քիչ մըն ալ կը «նախանձիս» այն բոլորին, որոնք կ՚ապրին այդ գեղեցկութեան մէջ, բայց այդ քաղաքին մէջ առկայ է նաեւ հայկական գեղեցկութիւնը: