Հարթակ

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ԱՋԸ ՊԻՏԻ ԿԱՐՈՂԱՆԱ՞Յ ԴՈՒՐՍ ԳԱԼ ՏԱԳՆԱՊԷՆ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

​Է­վիկ­տոր Լի­պըր­մա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար նշա­նա­կուե­լէն ետք, Իս­րա­յէ­լի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը յա­ջո­ղե­ցաւ Քը­նե­սէ­թի ան­դամ­նե­րու ամ­բող­ջա­կան նե­ցու­կը ա­պա­հո­վել: Ու հա­կա­ռա­կ ա­նոր, որ իս­րա­յէ­լեան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հե­տե­ւող տար­բեր դէ­տեր խոր մտա­վա­խու­թիւն­ներ ու­նե­ցան, ծայ­րա­յե­ղա­կան կե­ցուածք­նե­րով Լի­պըր­մա­նի նա­խա­րար նշա­նա­կուե­լուն ա­ռըն­թեր ե­րե­ւե­լի է նաեւ, որ Վար­չա­պետ Պե­նիա­մին Նե­թա­նի­յա­հու այս քայ­լով պի­տի փոր­ձէ իր իշ­խա­նու­թիւ­նը փրկել միա­ժա­մա­նակ քա­ղա­քա­կան աջ թե­ւը դուրս հա­նե­լով խոր տագ­նա­պէ մը:

ԱՆՆՇԱՆ ՓՈՍԷՆ ԴԷՊԻ ՓՐԿՈՒԹԻՒՆ

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱ­ԶԱ­ՐԵԱՆ

Ման­կու­թեանս օ­րե­րուն կը յի­շեմ, երբ մեր հա­յա­շատ թա­ղի բնա­կիչ­նե­րը հա­ւա­քուէին, ան­յա­պա­ղօ­րէն ա­նոնց մի­ջեւ կ­­՚ըն­թա­նար ին­ծի հա­մար մա­սամբ ան­հասկ­նա­լի զրոյց մը: Ա­նոնք կար­ծես ան­սա­լով ի­րենց ար­մատ­նե­րու կան­չին եւ զար­մա­նա­լիօ­րէն կրե­լով ի­րենց ար­մատ­նե­րու յատ­կու­թիւն­նե­րը, կը զրու­ցէին ու եր­բեմն նոյ­նիսկ կը վի­ճէին, իւ­րա­քան­չիւ­րը իր ո­ճով ու բար­բա­ռով:

Մի­ջազ­գա­յին եր­կօ­րեայ գի­տա­ժո­ղով՝ նուի­րուած ա­րեւմ­տա­հայ նշա­նաւոր ման­կա­վարժ Յով­հան­նէս Հինդ­լեա­նի 150-ա­մեա­կին

ԼԵ­ՒՈՆ ԼԱ­ՃԻ­ԿԵԱՆ

Ժո­ղովր­դա­կան ի­մաս­տուն խօսք մը կայ. մար­դը կ՚ապ­րի այն­քան, որ­քան զայն կը յի­շեն: Այս ի­մաս­տով պոլ­սա­հայ մեծ ման­կա­վարժ ու դաս­տիա­րակ Յով­հան­նէս Հինդ­լեա­ն (1866-1950) իր մահ­կա­նա­ցուն կնքե­լէ յե­տոյ եւս կը շա­րու­նա­կէ ապ­րիլ, ապ­րիլ իր սա­նե­րու մտա­ծում­նե­րուն ու ձեռ­նար­կում­նե­րուն, ա­նոնց մէջ ու ա­նոր հե­տե­ւորդ­նե­րու մի­ջո­ցով:

ՄԵԼԳՈՆԵԱՆԻ ՎԷՐՔԸ - Բ -

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ա­ռա­ջին ան­գամ Մել­գո­նեան վար­ժա­րա­նի շէն­քը տե­սայ 1999 թուա­կա­նի Նո­յեմ­բե­րին: Սեւ ու բարձր դար­պաս­նե­րը կը բաժ­նէին աղմ­կոտ Նի­կո­սիան 1924 թուա­կա­նին ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով զանգ հնչե­ցու­ցած Մել­գո­նեա­ն կր­թա­կան հաս­տա­տու­թեան (ՄՀԿ) տա­րած­քէն: Տա­րած­քը նաեւ կը յու­շէր, որ Մել­գո­նեա­նը միայն քա­րե­ղէն ամ­րոց մը չէր, այլ ո­գի էր:

ՄԵԼԳՈՆԵԱՆԻ ՎԷՐՔԸ - Ա -

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

​Կիպ­րո­սի սրտին վրայ հանգ­չող Մել­գո­նեան կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւ­նը (ՄԿՀ) 2005 թուա­կա­նէն ի վեր չի գոր­ծեր: Տար­բեր ա­ռիթ­նե­րով դպրո­ցի վե­րա­բաց­ման օ­րա­կար­գը կը յայտ­նուի թէժ քննար­կում­նե­րու ա­ռանց­քին, սա­կայն այդ քննար­կում­նե­րը չեն անց­նիր սոսկ քննա­դա­տու­թիւն­նե­րու ծի­րը: Շա­տեր մե­ղա­ւոր­ներ կը փնտռեն Մել­գո­նեան կրթա­կան հաս­տա­տու­թեան փակ­ման ո­րո­շու­մը գոր­ծադ­րող կող­մը հա­մա­րե­լով գլխա­ւոր մեղ­սա­կից:

ՀՈԳԻՆ ԹԷ ՏԱՌԸ

ԱԼԵՔՍ ԱՇՃԵԱՆ

Ինչ լաւ ե­ղաւ, երբ Սփիւռ­քի հա­յու­թիւ­նը ար­հես­տա­կան ար­բա­նեակ­նե­րու մի­ջո­ցով սկսաւ վայ­լել Հայ­րե­նի­քի հե­ռուս­տա­կա­յան­նե­րը: Սփիւռ­քաբ­նակ հա­յու բա­ռա­պա­շա­րը հարս­տա­ցաւ, նա­խա­դասու­թիւն­նե­րու շա­րա­հիւ­սու­թիւնն ու ար­տայայ­տու­թիւն­նե­րու դար­ձուածք­նե­րը ա­ռա­ւել կո­կիկ դար­ձան:

Ազգային Մշակոյթը Կը Դառնայ Աղօտ Յիշատակ, Ինչպէս Զայն Դարձնել Գոյատեւման Հզօր Ազդակ

ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ

​Խորհր­դա­ծու­թիւ­նը կը վե­րա­բե­րի հայ­կա­կան սփիւռք­նե­րու: Հա­յաս­տան ա­ռան­ձին պա­րա­գայ է: Այդ մա­սին ալ խօ­սող­ներ կան, պէտք է խօ­սուի:

ՀԱՑ, ՀԱԳՈՒՍՏ ԵՒ ԵՐԴԻՔ

ԱԼԵՔՍ ԱՇՃԵԱՆ

Անդ­րա­նիկ այն հա­զուա­թիւ հա­յե­րէն էր, որ կը բնա­կէր Սու­րիոյ Տա­րաա քա­ղա­քը, ուր­կէ կայծ ա­ռած էր եր­կի­րին մղձա­ւան­ջը: Հայ­րը, որ եր­կա­թա­գործ մըն էր, գոր­ծի բե­րու­մով Դա­մաս­կո­սէն տե­ղա­փո­խուած էր Տա­րաա եւ հոն հաս­տա­տուած:

NİZÂMNÂME-İ MİLLET-İ ERMENİYÂN: BİR RAPOR VE OSMANLI’DAN CUMHURİYET’E GEÇİŞE DAİR BAZI İPUÇLARI…

AYLİN KOÇUNYAN

Türkiye’de azınlıkların tüzel kişilik ve temsil sorunları ve bu sorunların aşılması için düşünülen model ve arayışlar, son dönemde, sıkça gündeme gelmektedir. Gayrimüslimlerin Osmanlı’nın hukuki çoğulculuk bağlamında sahip oldukları cemaat yönetimi modelleri, bugünkü arayışlarla bire bir örtüşmese de, tarihsel bir deneyim ve arka plan olarak bu gündemde yerini almaktadır.

ԼՃԱՓԻՆ

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱ­ԶԱ­ՐԵԱՆ

Գար­նան մեղ­մա­նուշ զե­փիւ­ռը կը համ­բու­րէ կար­ծես լի­ճին մա­կե­րե­սը: Համ­բոյ­րը թե­թեւ շար­ժում մը կ՚ա­ռա­ջաց­նէ ու շար­ժու­մը տա­րա­ծուե­լով մանր ա­լիք­ներ կը ստեղ­ծէ, ո­րոնք լճա­փի ցան­կա­պա­տին հպե­լով մե­ղե­դա­յին խշշոց մը կը սփռեն չորս դին: Զե­փիւ­ռին կ՚ող­ջու­նեն նաեւ շրջա­կայ ծա­ռե­րը: Ա­հա բար­տին, ո­րուն տե­րեւ­նե­րը ծա­փա­հա­րե­լով կը քաղց­րաց­նեն ե­րաժշ­տու­թեան մե­ղե­դայ­նու­թիւ­նը, ա­րե­ւու լու­սա­ճա­ճանչ ճա­ռա­գայթ­նե­րը տե­րեւ­նե­րու ծափծ­փան­քին գե­ղե­ցիկ, փայլփ­լուն տեսք մը կը հա­ղոր­դեն:

Էջեր