ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԴՊՐՈՑ 2016
ԴՈԿՏ. ՀԻԼՏԱ ԳԱԼՖԱՅԵԱՆ-ՓԱՆՈՍԵԱՆ
2011 թուականէն ի վեր Երեւանի մէջ կը գործէ Սփիւռքի նախարարութեան Ամառնային Դպրոց ծրագիրը: Այս տարի որոշ փոփոխութիւն մտցուած էր ծրագրի գործադրութեան ձեւին մէջ: Սփիւռքի Նախարարութիւնը այս ծրագրի գործնական ղեկավարումը վստահած էր Պետական Համալսարանի Հայագիտական Հետազօտութիւններու Ինստիտուտին եւ անոր փոխ-տնօրէն Դոկտ. Մհեր Յովհաննիսեանին: Դասընթացքներու վայրն ալ Պետական Համալսարանի գլխաւոր շէնքն էր: