ՀԱՅԵՐԷՆ ԽՕՍԻԼ ԿԱՄ Ո՛Չ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բնաւ մատնուա՞ծ էք շփոթ վիճակի մը երբ հայու մը հետ ծանօթացած էք եւ հարցուցած դուք ձեզի, թէ արդեօք հայերէն կը խօսի՞։ Արդարեւ, շատ հակասական կը թուի թէ՛ հայ ըլլայ մէկը եւ թէ՛ հայերէն չխօսի։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բնաւ մատնուա՞ծ էք շփոթ վիճակի մը երբ հայու մը հետ ծանօթացած էք եւ հարցուցած դուք ձեզի, թէ արդեօք հայերէն կը խօսի՞։ Արդարեւ, շատ հակասական կը թուի թէ՛ հայ ըլլայ մէկը եւ թէ՛ հայերէն չխօսի։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Նուազագոյնը մէկ անգամ անպայմանօրէն հանդիպած ըլլալու էք անձի մը, որ ձեզի պատմէ իր հետ կատարուած հրաշքի մը տեսութեան մասին. հաւանաբար երեւակայածին նկատած էք այդ մէկը, սակայն առ ի յարգանք համբերութեամբ շարունակած էք «ականջ կտրած» ունկնդրել եւ կամ ալ իրապէս հաւատալով փառաբանակից դարձած էք... սակայն հարցը միշտ մնացած է նոյնը. հրաշքները ճշմարտութի՞ւն են, թէ ոչ երեւակայութեան ծնունդ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կ՚ըսեն, որ կարեւորը երկար ապրիլը չէ, այլ արդիւնաւոր եւ մարդկութեան օգտակար ապրիլն է։ Լաւ ապրիլ, արդիւնաւոր ապրիլ՝ երկար ապրելու հետ կապ չունի։ Ուստի, պատմութիւնը կը վկայէ մարդոց, որոնք կարճ ապրած են, բայց շատ օգտակար գործեր արտադրած են։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Վերջերս Լիբանանի մէջ նիւթապէս լաւ վիճակի մէջ գտնուող երիտասարդ տղայ մը Լիբանանի փողոցներուն մէջ «բարեգործութիւն» կ՚ընէ։ Բարեգործութիւն բառը կը չակերտենք, որովհետեւ ողորմութիւնը կու տայ անո՛ր՝ որ աւարտին մեծամեծ խօսքեր կ՚ըսէ իր հասցէին ուղղուած, որպէսզի այդ գովասանքի խօսքերը նկարահանէ եւ տեղադրէ համացանցի զանազան հարթակներու մէջ... մարդոց աչքին լաւապէս մտցնելու համար իր «բարերար» ըլլալու հանգամանքը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ոխակալութիւն» եւ «վրէժխնդրութիւն». ահաւասիկ երկու քստմնեցուցիչ՝ սարսուռ եւ գարշանք պատճառող երկու բառեր, որոնք պէտք է մնան միայն բառարաններու մէջ եւ երբեք չգործածուին՝ կեանքի չկոչուի՛ն։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Աստուծոյ անսխալականութեան վրայ կասկած չունիմ, սակայն կ՚ենթադրեմ, որ Ինք եւս զղջացած պէտք է ըլլայ հիմնական երկու բաներու համար. առաջին՝ ջրհեղեղը հազարամեակներ առաջ կատարած ըլլալուն, իսկ երկրորդ՝ մարդուն հետ անգամ մը եւս ջրհեղեղ չընելու ուխտ կնքած ըլլալուն, այլապէս այսօր առանց երկմտելու դարձեալ ջրհեղեղ մը տեղի կ՚ունենար՝ աւելի ահաւոր քան առաջինը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Հա՛յր… այս է յաւիտենական կեանքը, որ մարդիկ ճանչնան քեզ միակ ճշմարիտ Աստուած եւ Ան զոր Դուն առաքեցիր՝ Յիսուս Քրիստոս». (ՅՈՎՀ. ԺԷ 3)։
Աստուած, անհունօրէն Կատարեալ եւ Երանելի Ինքն Իր մէջ, զուտ բարութեան ծրագրով մը ազատօրէն ստեղծեց մարդը, որպէսզի զայն մասնակից ընէ իր երանաւէտ կեանքին։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Այս յօդուածը կարդացած ժամանակ բազմատասնեակ անձեր այս իսկ վայրկեանին իրենց կեանքը վտանգելով կը փորձեն ապօրինի մուտք գործել Եւրոպա եւ կամ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ՝ հետապնդելու համար ա՛յն երազը, ուր կեանքը աւելի գունաւոր ու մարդ արարած նիւթապէս աւելի ապահով է։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդիկ, յաճախ կը մտահոգուին, եւ այդ մտահոգութիւնը երբեմն հիւանդագին վիճակի մը նոյնիսկ կը հասնի։ Բայց, մարդ եթէ խորհի, մտահոգութեամբ ի՞նչ կրնայ կարգին դնել, ի՞նչ կրնայ դարմանել։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մամուլի եւ տարբեր տարբեր ելոյթներու ճամբով բոլորս ալ նուազագոյնը մէկ անգամ լսած ենք հայկական վարժարաններուն ոչ յուսալից ապագայ հեռանկարին մասին. այդ դժբախտութեան մասին լսելով մէկտեղ լսած ենք տարբեր տարբեր քննադատութիւններ. մին մեղադրած է եկեղեցին՝ որ իր ձեռքին մէջ կը պահէ գրեթէ սփիւռքի մէջ գտնուող դպրոցներն ու ուսումնարանները. ուրիշներ քննադատած են ուսուցիչները՝ որոնք ո՛չ որպէս նուիրում ու մարդակերտում, այլ որպէս պաշտօն ու «արհեստ» կը կատարեն այդ մէկը, իսկ ուրիշներ քննադատած են ծնողներն ու աշակերտները, որոնց համար օտարինը մի՛շտ աւելի նուիրական եղած է՝ քան սեփականը: