Հոգե-մտաւոր

ՍԻՐՈՒԱԾ ՈՒ ՉՍԻՐՈՒԱԾ ՄԱՆՈՒԿԸ -(Ա.)

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Բառացիօրէն ճշմարտութիւն է ըսուած այն խօսքը, որ ամէ՛ն պատճառ անպայմանօրէն ունի պատճառ մը. ամէ՛ն արարք, ընդունելի թէ ոչ, անպայմանօրէն ունի իր շարժառիթն ու պատճառը՝ որ կը կարօտի ուսումնասիրութեան:

ՈՐՊԷՍ ԱՊՐՈՂ ՎԿԱՅ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երբեւէ անկարող ու խեղճ վիճակի մէջ տարեց մը տեսա՞ծ էք, որ թէեւ այսօր անկարող, սակայն անցեալին ունեցած է յամառ ուժ մը՝ դիմադրելու եւ ընդդիմանալու բոլոր այն դժուարութիւններուն դէմ, որ կեանքը ակամայ պարզած է իր դէմ:

ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԱՆԳՈՅ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆԸ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Եթէ հարցնելու ըլլաք, որ ազգի մը յաջողութիւնը ինչին մէջ կը կայանայ, առանց վարանելու կրնամ ըսել, որ գաղտնիքը անցեալէն դասեր քաղելուն մէջ կը կայանայ. իրապէս կը յաջողի ա՛ն, որ նոյն սխալները չի՛ կրկներ եւ չի յայտնուիր այն վիճակին մէջ՝ որ տասնամեակներ եւ կամ դար մը առաջ անցած եւ տուժած էինք:

ԱՅՍՕՐ ԿԱՄ՝ ԱՅՍՕՐ ՉԿԱՄ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մահուան եւ ծնունդի կողքին մեր բոլորս ալ ունինք այլ հասարակաց գիծ մը՝ որ կը կոչուի անորոշութիւն: Այս հասարակաց գիծը շատ աւելի մտահոգեցուցիչ է՝ քան առաջին երկուքը, որովհետեւ անոնք այսպէս կամ այնպէս գոյութիւն մըն են այդտեղ՝ ծնունդը որոշ, իսկ մահը անյստակ թուականներով։

ՍԷՐ՝ ԽՕՍՔՈՎ ՊԱՅՄԱՆԱՒՈՐՈՒԱԾ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Որոշ տարիքի մը հասնելէ ետք սկսայ աւելիով հասկնալ եւ ըմբռնել, թէ ինչ ըսել կ՚ուզէր Յիսուս Քրիստոս ըսելով, թէ «մարդ չի կրնար երկու տէրերու ծառայել»: Բոլորս ալ գիտենք, որ Քրիստոս այս խօսքը ըսած է դրամի եւ հարստութեան համար. աւելի առջեւ երթալով մինչեւ իսկ ըսած է. «Շատ աւելի դիւրին է որ պարանը ասեղի ծակէն մտնէ, քան հարուստը՝ Աստուծոյ արքայութիւնը»:

ՔԻՉ ՄԸՆ ԱԼ ԽԵԼՔ՝ ԱՂՋԻԿՆԵՐՈՒՆ…

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Աշխարհը որքա՜ն ալ սրընթաց դէպի առաջ երթայ, կան մարդիկ, որոնք կը յամառին մնալ հոն՝ ուր որ են եւ դեռ աւելին, քայլ մըն ալ յետ կ՚երթան: Ինչքան աշխարհը յառաջդիմէ, մարդիկ կարծես յատուկ ուխտ մը կատարած ըլլան մնալու խաւարամտութեան մէջ եւ այդ խաւարամտութիւնը ապրիլ այնպիսի ինքնավստահութեամբ, որ անառարկելի ճշմարտութիւն մը եղած ըլլայ:

ԽՈՍՏՈՎԱՆԱՆՔԸ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Թէեւ եկեղեցական օրէնքով արգիլուած է բարձրաձայնել անձնական պահերուն հաւատացեալին եւ հոգեւորականին միջեւ տեղի ունեցող խոստովանանքի պահերը, սակայն կը կարծեմ առանց անունի, պարզապէս որպէս երեւոյթ խօսիլը ո՛չ մէկ անպատեհութիւն կրնայ ստեղծել խոստովանողին համար:

HAYAՏԱՌ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Or me gouzeyı aysbes hotvadz krel... որովհետեւ նոր սերունդին համար աղաւաղուած հայերէնը շա՜տ աւելի հասկնալի է այսօր՝ քան նոյնինքն հայերէնը:
Տարիներ առաջ երբ Լիբանանի հայկական կազմակերպութիւններէն մէկուն մէջ կ՚աշխատէի, յայտարարութիւն տարածեցի, թէ կարիքը ունինք քարտուղարի՝ պայմանով որ հայերէն գրաշարել գիտնայ: 

ԽԱՒԱՐԱՄԻՏՆԵՐՆ ՈՒ ԲԱՑՄԻՏԵՐԸ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վերջերս անձ մը իր անբարոյական եւ միասեռականութեան հանդէպ հակումները քօղարկելու համար սիրտնեղած կ՚ըսէր, թէ «այս ընկերութիւնը որուն մէջ կ՚ապրինք, «օփըն մայնտըտ» (open-minded) չէ. բոլորն ալ հին գլուխներ են»: Հիացմունքով կը խօսէր այն բացմտութեան մասին, որ ունէին եւրոպացիք եւ ամերիկացիք (կարեւորութիւն չունի անշուշտ, որ ինք երբեւէ այցելած չէ այդ երկիրները). ինչպէ՞ս չսքանչանար երբ աջէն-ձախէն լսած էր, որ այդտեղ նոյնիսկ... փողոցներուն վրայ կ՚ընեն:

Էջեր