Հոգե-մտաւոր

«ԱՒԱԳ ՇԱԲԱԹ»Ի ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Աւագ շաբաթ»ը մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի տնօրինութիւններուն՝ չարչարանքներուն, խաչելութեան, թաղման, ինչպէս նաեւ դժոխքի աւերման, հոգիներու ազատման եւ հրաշափառ յարութեան շաբա՛թն է։ Այս շաբաթուայ ընթացքին կատարուած ամէն բան, անհրաժե՛շտ էր մեղաւոր մարդուն վերստին «անմահութիւն» պարգեւելու եւ երկնային արքայութեան արժանացնելու եւ հոն փոխադրելու համար։

ԾԱՂԿԱԶԱՐԴ՝ ՄՈՒՏՔ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ ՔԱՂԱՔ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ծաղկազարդ՝ Յիսուսի հրաշալի՜ եւ հանդիսաւոր մուտքը Երուսաղէմ։ Արդարեւ կարելի չէ հանդիպիլ Աւետարանի պատմութեան մէջ այսպիսի շքեղ ցոյցի մը՝ որուն մէջ Որդի մարդուն մտած ըլլայ Սուրբ Քաղաքը, որուն նկարագիրն էր հալածել ճշմարիտ մարգարէները եւ պատգամաբերները, սպաննել ճշմարտութեան քարոզիչները, ոչ միայն զոհերու, զորս նուիրագործած էր օրէնքը, այլ նաեւ զոհերու, որոնց վերջինը եղած էր Յովհաննէս Մկրտիչ՝ Սուրբ գրական պատմութեան մէջ սկիզբը առնելով Աբելի սպաննումէն եւ Զաքարիայի խողխողումէն Տատարի մէջ եւ վերջինը պիտի չըլլար անշուշտ նոյն ինքն Յիսուսի Քրիստոսի խաչամահ սպաննումը, որովհետեւ Փրկչին խաչելութիւնը նոր թուական մը պիտի բանար անմեղութեան եւ արդարութեան զոհերուն, Աւետարանի Թագաւորութեան հաստատումը մինչեւ երկրագունդիս վրայ։

ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Ուրախ սիրտը դեղի պէս օգտակար է», կ՚ըսէ Առակախօսը. (ԱՌԱԿ. ԺԷ 22)։ Իսկ Սաղմոսերգուն սապէս կ՚երգէ. «Ուրախութիւն՝ Աստուած որոնող սրտերուն». (ՍԱՂՄ. ՃԴ 3)։

ԲՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՀՈԳԻՆ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Բնաւ ուշադրութիւն ըրա՞ծ էք սիրելի՜ բարեկամներ. Բնութիւնը կարծես պատկերագրուած օրինակ մըն է մարդկային հոգիին մէջ։ Արդարեւ, մարդկային հոգին ալ ունի լեռներու կատարներ՝ որոնք մարդուս մտածումներուն, խորհուրդներուն թռիչքները, իտէալները, սէրերը, յուզումները, ըմբռնողութիւնը Էակի մը մասին, որ Տիեզերքի Արարիչը, Ստեղծիչը, Կառավարիչը եւ Նախախնամն է, եւ մարդկային կեանքին եւ էութեան բացարձակ Տէրը։

ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հին Ուխտին մէջ, երկրիս երախայրիք եղող «հաց»ը եւ «գինի»ն Արարչին զոհ մատուցուած են ի նշան երախտագիտութեան։ Բայց Ելից Գիրքի շրջագիծին մէջ հացը եւ գինին նոր նշանակութիւն մը կը ստանան ամէն տարի Զատիկի օրը Իսրայէլի ճաշակած բաղարջ, այսինքն անխմոր հացերը կը յիշատակեն Եգիպտոսէն ազատումի շտապ մեկնումը։

ՈՂՈՐՄԱԾՈՒԹԻՒՆ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Ողորմած մարդը իր անձին աղէկութիւն կ՚ընէ». (ԱՌԱԿ. ԺԱ 17)։ Արդարեւ, ողորմածութեան գործերը բարեսիրական արարքներն են, որոնցմով մենք օգնութեան կը հասնինք մեր մերձաւորին անոր մարմնական եւ հոգեւոր կարիքներուն համար, անոր ամէն տեսակ նեղութեանը մէջ։

ԳԱԼՍՏԵԱՆ ԿԻՐԱԿԻ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մեծ պահքի շրջանի վեցերորդ կիրակին կը կոչուի «Գալստեան կիրակի», որովհետեւ ան նուիրուած է Յիսուս Քրիստոսի «Գալստեան» յիշատակին։
«Գալուստ»ը իր տառական իմաստով եւ Յիսուս Քրիստոսի աշխարհի վրայ առաջին յայտնութեամբ չի վերջանար։

ՄԱՄՈՒԼԻ ՀԻՆ ԷՋԵՐ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Երբեմն ակնարկը դարձնել անցեալին թէ՛ հետաքրքրական է եւ թէ՛ օգտակար։ Այս պատճառով, այսօր կ՚ուզենք հատուածներ ներկայացնել մեր սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներուն 1904 թուականէն։

ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՈՒԹԻՒՆ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Աւետարանական Օրէնքը իր մէջ կ՚ըմբռնէ «երկու ճամբաներ»ու միջեւ վճռական երկընտրանքը եւ գործադրութիւնը Քրիստոսի Խօսքերուն. ան կը համառօտուի «ոսկեղէն» հետեւեալ «կանոն»ով. «Ուստի, ի՛նչ որ կ՚ուզէք որ մարդիկ ընեն ձեզի՝ դուք ալ այնպէս ըրէք անոնց, որովհետեւ այս սկզբունքը իր մէջ կը խտացնէ Օրէնքը եւ մարգարէներու ուսուցումները». (ՄԱՏԹ. Է 12)։

Էջեր