ԱՒԱԳ ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աւագ շաբթուան առաջին օրն է՝ Աւագ երկուշաբթի։ Ան կը խորհրդանշէ արարչութեան երկրորդ օրը, երբ Աստուած ջուրերը բաժնեց իրարմէ եւ արարչագործեց երկինքի հաստատութիւնը։ (ԾՆՆԴ. Ա 9-13)։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աւագ շաբթուան առաջին օրն է՝ Աւագ երկուշաբթի։ Ան կը խորհրդանշէ արարչութեան երկրորդ օրը, երբ Աստուած ջուրերը բաժնեց իրարմէ եւ արարչագործեց երկինքի հաստատութիւնը։ (ԾՆՆԴ. Ա 9-13)։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յիսուսի ճամբորդութիւնները միշտ հետիոտն կատարուած են, եւ աւետարաններու մէջ բնաւ ակնարկութիւն չկայ՝ որ երբեմն կամ գոնէ շատ յոգնած ատեն ձի կամ էշ գործածած ըլլայ. որով այս անգամ, Երուսաղէմ իր գալուստը «յաւանակի հեծելութեամբ», նորօրինակ հանդիսաւորութիւն մը նկատուած է։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մենք մեր հաւատքը դաւանելու ատեն, կը սկսինք ըսելով. «Ես կը հաւատամ» կամ «Մենք կը հաւատանք»։ Ուրեմն մենք մեզի հարց տանք, թէ ի՞նչ կը նշանակէ «հաւատալ»։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Խորհո՛ւրդ մըն է յաւիտենականութիւնը։ Ո՜վ կրցած է յաւիտենականութեան մէկ չնչին կոտորակը հաշուել։ Ամենէն կատարելագործուած համակարգիչները, ամենէն հանճարեղ եւ տիտղոսաւոր գիտնականները, իրենց ամբողջ հնարքը գործածելով յաւիտենականութեան ովկիանոսին մէկ կաթիլ ջուրն իսկ չեն կրցած համրել։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երբ կը թղթատէինք Հայ Մամուլի հին բայց մշտանորոգ էջերը, Բիւզանդ Քէչեանի «ԲԻՒԶԱՆԴԻՈՆ»ի մէջ հանդիպեցանք մեր մեծ մօրեղբօր Սիմոն Չէօմլէքճեանի, «Ժ. Շիրակացի» ծածկանունով մէկ թարգմանութեան։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Անգլիական ականաւոր դէմք մը՝ Հըրպըրթ Սփէնսըր լուրջ, հանդարտ, սրադատ, խոկացող միտք մը ունէր. իր գրութիւններուն մէջ բանաստեղծական խանդ ու եռանդ չէր խառներ, իր մտածութեան սեւեռակէտերն էին «իրողութիւն» եւ «սկզբունք»։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Այսպէս կ՚երեւի, թէ քաղաքակիրթ ժողովուրդներու ապրելու քաջութիւնը կը նուազի։ Գրեթէ ամէն երկրի մէջ ալ տաղանդաւոր անհատներու թիւը կը պակսի։ Այս երեւոյթը ահաբեկիչ նշանակութիւն մը ունի։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ինչպէս յաճախ կը կրկնենք, առածը կ՚ըսէ. «Չափաւորութիւնը կէս Աստուած է»։ Անշուշտ որ ո՛չ մէկ բան կարելի է համեմատել կամ նմանցնել Աստուծոյ, բայց «չափաւորութեան» կարեւորութիւնը եւ անհրաժեշտութիւնը շեշտելու համար, թերեւս քիչ մը «չափազանցուած» առած մը պէտք է ընդունիլ այս խօսքը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Տիկնոջ մը մասին զուարթ պատմութիւն մը կը պատմուի, թէ օր մը նախաճաշի ընթացքին նամակ մը կը կարդար։ Ան, կարդալու միջոցին ուտելը յանկարծ դադրեցնելով, կասկածի իմաստալից նայուածքով իր ամուսինին կ՚ըսէ. «Գէորգ, այնպէս կ՚երեւի թէ մայրդ մեզի այցելութեան պիտի չգայ»։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Թէ մարդիկ մինչեւ իսկ քաղաքակիրթ երկիրներու մէջ՝ ո՛րքան ենթակայ են անիրական երեւոյթներէ եւ անիմաստ ու անբանաւոր վախերէ ազդուելու եւ տարուելու, ասոր մէկ ապացոյցը տրուեցաւ նոյեմբեր 1938-ին, երբ ձայնարձակի միջոցով Նիւ Եորքի Մըրքըրի թատրոնը բեմադրած էր «Աշխարհներու պատերազմը» անունով թատերախաղ մը՝ որուն մէջ ճարպիկ դերասան՝ Օրսըն Ուէլս՝ կենդանի կերպով կը պատկերացնէր, թէ ի՛նչպէս Հրատ մոլորակի «բնակիչներ»ը վար իջած են մեր երկիրը՝ մարդոց հետ պատերազմելու համար։