ՈՒՍՈՒՑԻ՛ՉՆ Է ՈՐ ԿԸ ԿԵՐՏԷ ԱՊԱԳԱՆ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ժ. Ժ. Ռուսօ, իր «Էմիլ» գիրքին մէջ կ՚ըսէ, թէ՝ կրթութիւնը կը սկսի մօր գրկին մէջ, ապա կը կատարելագործուի դաստիարակութեամբ՝ դպրոցը՝ ուսուցիչին հսկողութեանը տակ եւ կ՚ամբողջանայ ընկերային միջավայրի մէջ՝ ուղիղ եւ շիտակ քայլեր առնելով։
Ամէն ասպարէզ, ամէն նախասիրուած աշխատութեան տեսակ, ամէն ծառայութիւն նուիրակա՛ն է, երբ ան նպատակ եւ դիտաւորութիւն ունի «մա՛րդ»ը՝ նուիրուած է մարդկութեան բարօրութեան, յառաջացման եւ կատարելագործութեան։