ԱՍՏՈՒԱԾԱՄԱՅՐ՝ ՏԻՊԱՐ ՄԱՅՐՈՒԹԵԱՆ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայրութիւնը բարձրագոյն դիրքն է մարդկային բնութեան, գագաթնակէտը՝ ամենաբարձր աստիճանը մարդկութեան, լրումը եւ կատարումը արարչութեամբ եւ ստեղծագործութեան ծրագրով՝ մարդուն կոչումին։ Մայրութիւնը ապացոյցն է մարդուն աստուածանմանութեան, Աստուծոյ ծրագրին գործակցութեան եւ ստացած կարեւոր պարտականութեան, իրաւասութեան եւ պատասխանատուութեան, «Ծրագիր»ին իրականացման նկատմամբ ստանձնած կենսական դերին։