ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԻՒՆԸ ՍՐԲՈՒԹԻՒՆ Է
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երջանկութիւնը սրբութի՛ւն է։ Սրբութիւնը միա՛կ ուղին է, որ կ՚առաջնորդէ այդ նպատակին. մարդուս սրտին բոլոր փափաքները, ուրիշ բան չեն ըներ եթէ ոչ հեռացնել զինք այն ճամբայէն, որու ծայրը երջանկութիւնն է։