ՅԻՍՈՒՍԻ ՉԱՐՉԱՐԱՆՔԸ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աւագ Շաբաթը, իր ամբողջ տեւողութեան, մեզի ցոյց կու տայ Քրիստոսի օրինակով, թէ կեանքը յաջողութեամբ պսակելու, յաղթանակի հասնելու համար պէ՛տք է անցնիլ խիստ աշխատանքի մը ճամբէն, մինչեւ իսկ չարչարանքներու մէջէն։ Ուստի Յիսուս իր իսկ կեանքով, մանաւանդ իր վերջին օրերուն բացայայտ կերպով վկայեց թէ՝ մարդ պէ՛տք է չարչարուի որպէսզի հասնի իր նպատակին՝ յաղթութեան եւ կատարելութեա՛ն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ