ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՐԴՍ Կ՚ԸՆԷ ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ԱՆՁՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յաճախ կը խօսինք մարդ էակին մասին՝ որ իր արարչութենէն ի վեր միշտ «անծանօթ» մըն է, թէ՛ իր էութեամբ, թէ՛ իր արարքներով։ Տքթ. Ալեքս Գառէլ, իր «Մարդը՝ Սա Անծանօթը» գիրքին մէջ (1901) կ՚ուսումնասիրէ մարդ էակը, բայց ան կը մնայ միշտ «անծանօթ» մինչեւ այսօր, որպէս անլուծելի «հարց» մը՝ իր մարմնական, հոգեկան եւ մտային էութեամբ։