ԻՍԿԱԿԱՆ ԲԱՐԻՆ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Տիեզերքի բոլոր արարածներուն մէջ միա՛յն մարդն է որ կը բնորոշուի «Աստուածայինին զգացումով»ը։ Աստուածճանաչութիւն եւ կրօնքի զգացում՝ մարդուն միայն յատուկ հոգեվիճակ մըն է։ Արդարեւ մարդկային հոգին, որքան ալ տարուի երկրաւոր վայելքներու հրապոյրէն, ի վերջոյ չի կրնար գերին դառնալ ու մնալ անոնց եւ չի թողուր, որ վերջնականապէս տիրապետեն իր վրայ։