ԱՆԳԻՏԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Անգիտապաշտութիւն» (agnosticisme), ընդհանուր առումով կը նշանակէ՝ անգիտանալ, չգիտնալ եւ այդ վիճակին մէջ ըլլալ, որ հոսանք մը, մտածելակերպ մըն է։ Իսկ իր յատուկ իմաստով, կրօնական մարզի մէջ՝ Աստուծոյ գոյութիւնը կամ չգոյութիւնը գիտնալու անկարելիութեան վրայ հաստատուած մտածելակերպ մըն է։ Ըստ անգիտապաշտներու՝ Աստուած գոյութիւն ունի կամ չունի, ասիկա գիտնալ, այս մասին տեղեկութիւն ունենալ կարելի չէ…։